ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Սեբաստիոյ Կիւրին բնակավայրին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ վերանորոգումը ընթացքի մէջ է:
Թուրքիոյ մշակութային ժառանգութեան ու թանգարաններու տնօրէնութեան կողմէ վերանորոգուելէ ետք, եկեղեցին պիտի դառնայ քաղաքային թանգարան:
Քաղաքապետ Նամի Չիֆթչին տեղեկացուցած է, որ վերանորոգման աշխատանքներուն մեծ մասը արդէն կատարուած է, եւ աշխատանքներու աւարտէն ետք կը նախատեսուի այնտեղ իրականացնել քաղաքի գլխաւոր մշակութային ձեռնարկները:
Վերանորոգման համար պետութիւնը յատկացուցած է մօտաւորապէս 4 միլիոն թրքական լիրա (մօտաւորապէս 700,000 տոլար):
Նշենք, որ Կիւրին բնակավայրը 20րդ դարու սկիզբը ունեցած է ընդհանուր առմամբ 3000 ընտանիք, որմէ 1550ը՝ հայ: Բնակավայրին մէջ կար մէկ քարաշէն հայկական եկեղեցի եւ մէկ դպրոց: 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին Կիւրինի հայ բնակչութիւնը եւս ջարդուած կամ տարագրուած է: