ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 3 Դեկտեմբերին, ժամը 15:00ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական միութեան անդամները, ինչպէս 2 Դեկտեմբերին յայտարարած էին, հաւաքուեցան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան դիմաց՝ յայտնելով, որ եկած են նախարարին հետ հանդիպելու։ Սակայն նախարարութենէն տեղեկացուցին, որ հանդիպումի որոշում գոյացած չէ եւ թէ հանդիպման համար կայ յատուկ ընթացակարգ. անկէ ետք երիտասարդները՝ ճեղքելով ոստիկանական պատը, հաւաքուեցան դրան դիմաց, իսկ ոստիկանութիւնը՝ բիրտ ձեւերու դիմելով, հեռացուց ցուցարարները։
Անոնք նախարարութեան շէնքէն դուրս ելան եւ անհնազանդութեան խաղաղ գործողութիւն կատարեցին, փակեցին Վազգէն Սարգսեան փողոցը։ Հոն եւս, ոստիկանները բռնի միջոցներու դիմեցին, քաշքշեցին, հրեցին ու հարուածեցին ցուցարարները եւ բռնի կերպով ոստիկանական ինքնաշարժներուն մէջ դրին ու տարին ոստիկանութեան կեդրոն։
Ձերբակալուեցան 24 խաղաղ ցուցարարներ, որոնցմէ 19 հատը տարուեցան Կեդրոնական բաժին, իսկ 5 ուրիշներ՝ Էրեբունիի բաժին։ Աւելի ուշ երեկոյեան, անոնք հետզհետէ ազատ արձակուեցան։
ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական միութեան՝ Ոստիկանութեան Կեդրոնի բաժանմունք բերման ենթարկուած ցուցարարներուն այցելեցին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներ Լիլիթ Գալստեան եւ Արթուր Խաչատրեան, ինչպէս նաեւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակի ներկայացուցիչները, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ՝ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Անի Սամսոնեան եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արման Աբովեան։
Ձերբակալուած Գերասիմ Վարդանեան վկայեց, որ քաշքշած են զինք, կոճակները պոկած, «կոճակ առ կոճակ պատասխան են տալու», նշեց ան՝ աւելցնելով, որ ոստիկանութեան բաժանմունք տարուած են անհիմն պատճառներով եւ թէ ոստիկանութիւնը հակաօրինական գործողութիւններ կատարած է։ «Բնականաբար, հասկանում ենք, որ սա արել են կառավարութեան հրահանգով, կառավարութեան յանձնարարականով։ Մենք ասում ենք՝ եթէ իրենց թւում է, թէ մեզ փռել են ասֆալտին, իրենք այս ամէն ինչից յետոյ որպէս քաղաքական մարմին ասֆալտին փռուած են», նշեց Գերասիմ Վարդանեան։ Ըստ անոր՝ իրենք նախարարութեան դիմաց խաղաղ նստած էին, ընթերցանութիւն, սահմանադրութիւն կ՛ընթերցէին, ազգային դէմքերու մասին դրուագներ կը պատմէին։
ՀՅԴ ՀԵՄի ցուցարարներ պատմեցին. «Ոստիկանութիւնը ոչ թէ ծառայում է ժողովրդին, այլ օրուայ իշխանութեանը. ոչինչ չի փոխուել՝ նոյն անյարգալից վերաբերմունքը, նոյն խեղդելը, նոյն միջոցները, որ կիրառում էին քաղաքացու հանդէպ նախկինում, հիմա էլ են կիրառում։ Նոր Հայաստանում ոստիկանը ցուցարարին ասում է. «Կը թքեմ վրադ»։
ՀՅԴ ՀԵՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Քրիստինէ Վարդանեան կոչ ուղղեց Արայիկ Յարութիւնեանին՝ հրաժարական տալու հետեւեալ բովանդակութեամբ. «Ես տապալել եմ քաղաքականութիւնը կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, սպորտի ոլորտներում, իմ գործողութիւններով չեմ նպաստել պետականամէտ եւ զարգացած քաղաքացու կերտմանը, ուստի խնդրում եմ ինձ ազատել նախարարի պաշտօնից»։
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան ըսաւ, որ ակնյայտ անհամաչափ ուժ գործադրուած է իրենց սեփական երկրին, սեփական կառավարութեան անդամին հետ հանդիպում ունենալ ուզած երիտասարդութեան նկատմամբ։
Եթէ երիտասարդներուն նկատմամբ նման վարքագիծ կը կիրարկուի, ասիկա, ըստ անոր, կը նշանակէ, թէ այս իշխանութեան տուեալ ներկայացուցիչը այլեւս կատարելիք չունի այս երկրին մէջ։ «Դատելով տեղեկատուութիւնից, որը ես ստացել եմ, սադրանքը հրահրուել է նոյն ոստիկանութեան կողմից. յամենայն դէպս, իմ նախնական գնահատումը դա է», յայտնեց ան։
Մինասեան դիտել տուաւ, որ երիտասարդները պահանջած են հանդիպում եւ, նախարարութեան կողմէ արձագանգ չստանալով, փորձած են մտնել նախարարութիւն եւ նախարարութեան մէջ հանդիպում ունենալ, սակայն անոնք բռնի ուժի ենթարկուած են։
«Սրա պատասխանը պէտք է տան թէ՛ իրաւապահ մարմինները, թէ՛ այն պատասխանատու անձինք, ովքեր այսօր զբաղեցնում են այդ հանրային պաշտօնները եւ ցուցաբերում նման վերաբերմունք հայ երիտասարդի նկատմամբ», ընդգծեց Ա. Մինասեան: Երիտասարդներուն գործողութիւնները, որոնց կարգին նախարարութեան մուտքը փակելը, ըստ անոր, անօրինական չեն:
«Եւ, եթէ կարող են այսօրուայ իշխանութեան այն ժամանակուայ գործողութիւնները եւ ոչ միայն այն ժամանակուայ, նաեւ ներկայիս գործողութիւնները իրենց համար հաճելի զանգուածի կողմից համարուեն օրինական, ինչո՞ւ պէտք է ընդդիմախօսների նման գործողութիւնները անօրինական լինեն: Սա արդէն քաղաքական ենթատեքստ պարունակող յստակ վարքագիծ է, եւ սրա պատասխանը պէտք է տան», յայտնեց ան՝ նշելով, որ այդ բոլորէն ետք նախարար անունը պէտք չէ դրուի նման վարքագիծ ցուցաբերող անձին վրայ:
Աս ցուցարարները սխալ մարդու դէմը կը բողոքեն շաբաթներէ ի վեր: Արայիկ նախարարը տուն ղրկելու ամմէնէն կարճ ձեւը աս կառավարութեան տուն ղրկելն է: Մի մոռնաք որ քանի մը շաբաթ առաջ, վարչապետը ըսաւ որ ինքը ամմէն կերպով համաձայն է Արայիկ նախարարին ամմէն ըրածին եւ որոշածին, կը պաշտպանէ կէյերուն ալ, եւ ըսաւ, որ նախարարը իր կողմէ չի խօսիր, հապա կառավարութեան: Կառավարութիւն ըսել է Նիկոլ Բաշինեան: Ուրեմն, բոլոր սխալներուն տէրը եւ առաջին պատասխանատուն վարչապետն է: Սխալները միայն աս նախարարութեան ըրածները չէ, հապա շատ ուրիշ բաներ: Երտասարդները եւ ամմէն ժողովուրդը պէտք է աչքը ամմէն կողմերը դարձնէ, ամմէն սխալները տեսնէ եւ կարելի եղածին չափ շուտ մը աս վնասակար մարդիկը տուն ղրկէ: Ժողովուրդը ասոնց բերաւ, ժողովուրդն ալ ասոնց պէտք է վար առնէ եւ իրական երկրին շահերը պահողը կառավարութեան վրայ բերէ: Ըսել է որ եթէ ուսանողներուն եւ երտասարդներուն ցոյցը արդիւնք պիտի տայ, աս վնասակարները տուն ղրկելէ զատ ուրիշ ձեւ չիկայ եւ ժողովուրդն ալ պէտք է երտասարդներուն հետը կենայ, միասին աշխատին:
Սիրելիներ այս շարունակական ցոյցերը մեր այս օրւայ Հայրենիքում տեղ չունի, 20 տարի Հանրապետականների ծոցն էիք ոչ մի նման արտայայտութիւն: Անգլէրէն բաժնի վրայ տեղեկութիւն գրեցի, որ լրիւ տեղեկութիւը սրփագրւած է: Այս օր լաւ կանէք օրւայ կառաւարութեան օժանդակենք ԱԶԱՏ ԱՆԿԱԽ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ԲՈԼՈՐԻ ՀԱՄԱՐ ՀԱՒԱՍԱՐ ՕՐԷՆՔԻ ԱՌԱՋ: Կեցցէ մեր ազատ անկախ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ԲՈՎԱՆԴԱԿ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ:
Անցեալի հանցաւոր կլանը ստւերում մնաց, հիմայ եթէ արդար քայլենք կմնանք Հայրենիքի արդար ծոցին և ամէն Հայ արդար անձնական դիրքը կունենա և ամէն հնարաւորութիւ ունի կառաւարութեան մաս կազմելու: