ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ատրպէյճան եւ Ռուսիա կը պատրաստուին սպառազինութեան գնումի վերաբերեալ նոր համաձայնագիր մը կնքելու, ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով, ի պատասխան ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթի լրագրողի հարցումին։
«Կան հետաքրքրական որոշ գաղափարներ: Գործարքը հազիւ աւարտի, լրատուամիջոցներուն տեղեկութիւններ պիտի հաղորդենք», ըսած է ան:
Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այս շաբաթ Պաքուի մէջ անդրադարձած էր ՀԱՊԿ երկիրներու գերաստիճանին ընթացքին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խօսքին, որուն մէջ ան կոչ ուղղած էր Ռուսիոյ, որ Ատրպէյճանին զէնք չծախէ:
«Ես միայն կրնամ ընդգծել, որ ռազմական-արհեստագիտական համագործակցութիւնը մեր եւ Ատրպէյճանի միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան կարեւորագոյն ոլորտներէն մէկն է», ըսած էր Լաւրով:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետին համաձայն, Ռուսիա եւ Ատրպէյճան «իրենց համագործակցութիւնը կը զարգացնեն միջազգային արժեչափերուն համապատասխան, համաձայն Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ օրէնսդրութեան եւ ամբողջովին հաշուի առնելով այն հաւասակշռութիւն որ կարեւոր է պահպանելու շրջանին մէջ կայունութիւնը»: