ՈՒԱՇԻԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին կողմէ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերու օգտագործումով պատերազմական ոճիրներ գործելուն փաստեր ունինք։ Քիմիական զէնքերու օգտագործումը մեր արդի պատմութեան մէջ զոհեր ու ահաւոր վէրքեր կը պատճառէ»:
Նախարարութիւնը նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին քիմիական զէնքի արտադրութեան ու օգտագործման ամբողջական արգիլման եւ կոչ կ՛ուղղէ քիմիական զէնքերու վերաբերեալ համաձայնութիւնը ամբողջական կերպով գործադրելու:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ ցաւ յայտնեց, որ «աշխարհի վրայ տակաւին կան վայրեր, ուր քիմիական զէնքերը առանց պատիժի կ՛օգտագործուին»:
«Ասատ պատասխանատու է անսահման ահաւորութեամբ արարքներու, որոնցմէ մէկ քանին համազօր են պատերազմական ոճիրներու եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներու, եւ այդ ահաւոր արարքները կը ներառեն քիմիական զէնքերու օգտագործումը», նշեց նախարարութիւնը՝ Սուրիոյ վարչակարգին կոչ ուղղելով դադրեցնելու արգիլեալ զէնքերու օգտագործումը: