ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքի բնակչուհի կին մը տեսանիւթով մը իր խօսքը ուղղեց երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւին, նշելով, որ ժողովուրդին վիճակը այլեւս անտանելի դարձած է, եւ այդ պատճառով որոշած է երթալ Հայաստան ու հոն հաստատուիլ։ Այսէլ Մուսթաֆայեւա անունով կինը յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի մէջ բոլոր մարզերէն ներս անարդարութիւն կը տիրէ։ Ան աւելցուց, որ տարբեր առիթներով փորձած է կապ հաստատել Ալիեւին հետ, սակայն ոստիկանները ձերբակալած են զինք: