
ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովը որդեգրած է բանաձեւ մը, որ Իսրայէլէն դարձեալ կը պահանջէ լքել Սուրիայէն բռնագրաւուած Կոլանի բարձունքները:
Փաստաթուղթին թեր քուէարկած են 91 պետութիւններ, դէմ՝ 9, իսկ ձեռնպահ մնացած են 65 ուրիշներ:
Բանաձեւը Իսրայէլին կոչ կ՛ընէ դադրեցնելու Կոլանի սուրիական հատուածի բռնագրաւումը եւ իր ուժերը հեռացնելու մինչեւ 4 Յունիս 1967ի դրութեամբ գոյութիւն ունեցած սահմանը:
Ընդհանուր ժողովը կը յայտնէ, որ Կոլանի սուրիական հատուածը բռնագրաւելու, սեփական օրէնքներն ու գերիշխանութիւնը հաստատելու Իսրայէլի 1981ի որոշումը իրաւական որեւէ ուժ չունի, աւելցնելով, որ Կոլանի բռնագրաւումը խոչընդոտ մըն է շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն։
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ վերջերս Կոլանի բարձունքները ճանչցաւ Իսրայէլի մաս: ՄԱԿի նոր բանաձեւը հակադարձութիւն մըն էր այդ քայլին։