Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն յայտնեցին, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան զինադադարի ամրապնդման, վստահութեան ամրապնդման քայլերու իրականացումը, ինչպէս նաեւ յաջորդ տարուան սկիզբը միացեալ աշխատանքը շարունակելու ծրագիրները:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ընդգծեց ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու պայմանաւորուածութիւններու ծիրին մէջ արձանագրուած համեստ արդիւնքը՝ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Ատրպէյճանէն լրագրողներու փոխանակման ծրագիրի իրականացման միջոցով: Դիտարկուած է այդ պարունակին մէջ լրագրողներու, հասարակութիւններու միջեւ նմանօրինակ ուղիղ ներգրաւուածութեան շարունակութեան հնարաւորութիւնը: Նոյն ժամանակ ընդգծուած են վստահութեան ամրապնդման այլ միջոցառումներու ներդրման կարեւորութիւնը:
Անդրադառնալով օրեր առաջ Արցախի արտաքին գործոց նախարարին հետ Երեւանի մէջ ունեցած հանդիպման՝ նախարար Մնացականեան անգամ մը եւս ընդգծեց Արցախի իշխանութիւններուն ուղիղ ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս՝ կարգաւորման բովանդակային հարցերու շուրջ: