ՀՄԸՄի ԺԲ. Պատգամաւորական Ընդհանուր ժողովէն ընտրուած Կեդրոնական վարչութիւնը 2019-2023 քառամեակի իր առաջին լիագումար նիստերը կատարեց Փարիզի մէջ, 6-7 Դեկտեմբեր 2019ին:
Նիստերուն սկիզբը, Կեդրոնական վարչութիւնը Պատգամաւորական Ընդհանուր ժողովի որոշումներուն լոյսին տակ քննեց ՀՄԸՄի դէմ ծառացած ներկայ մարտահրաւէրները եւ օրակարգի առանձին կէտերով արծարծեց միութեան սկաուտական, մարզական եւ երիտասարդական նորաստեղծ բաժանմունքին զարգացման միջոցները:
Կեդրոնական վարչութիւնը ընդհանուր արժեւորումը կատարեց միութեան 111 մասնաճիւղերու իրավիճակին եւ հաստատեց, որ վերջին շրջանին, ՀՄԸՄը նկատառելի յառաջդիմութիւն արձանագրած է Հայաստանի կազմակերպական իր ցանցին ընդլայնումով, Արցախի եւ Թիֆլիսի մասնաճիւղերուն հիմնադրութեամբ եւ Մոսկուայի ու շրջակայ արուարձաններուն մէջ ծաւալած աշխատանքներուն աշխուժացումով:
Կազմակերպական օրակարգով, Կեդրոնական վարչութիւնը շեշտեց Եւրոպայի եւ նախկին Խ. Միութեան նորակազմ հայ համայնքներուն մէջ ՀՄԸՄի գործունէութեան ծաւալման հրատապ անհրաժեշտութիւնը՝ համախմբելու եւ փրկելու համար տեղւոյն երիտասարդութիւնը ձուլման անմիջական վտանգէն: Կեդրոնական վարչութիւնը որոշեց շարունակել Մ. Նահանգներու եւ Գանատայի գլխաւոր քաղաքներուն կողքին, հեռաւոր ու փոքրաթիւ համայնքներուն հասնելու իր ճիգերը՝ կազմակերպական ժամանակակից մօտեցումներով եւ կառուցային համապատասխան պատշաճեցումներով: Միջին Արեւելքի պարագային, Կեդրոնական վարչութիւնը որոշեց թափ տալ շրջանային մարզախաղերու եւ միջվարչական աշխատանքներու կազմակերպման՝ մասնաճիւղերը աւելի յաճախ քով-քովի բերելու եւ համայնքներու կենսունակութեան նպաստելու համար:
Կեդրոնական վարչութիւնը վերականգնեց քոյր մասնաճիւղերու դրութիւնը՝ թելադրելով չբաւարարուիլ միայն Հայաստան-Սփիւռք քոյր մասնաճիւղերու հռչակումով, այլ՝ անհրաժեշտութեան պարագային, քոյր մասնաճիւղեր հռչակելով սփիւռքեան իրարմէ հեռու համայնքներուն մէջ գործող իր մասնաճիւղերը:
Լիագումար նիստերուն կարեւոր մէկ բաժինով, Կեդրոնական վարչութիւնը քննեց միութեան դաստիարակչական ծրագիրներու, սկաուտական գիրքերու եւ մարզական կանոնագրութեան վերամշակման հրամայականը: Ճշդուեցան ընդհանուր ուղղութիւններ եւ պայմանաժամներ վերատեսութեան ենթարկելու ՀՄԸՄական մարդու կազմաւորման աւանդական ծրագիրները եւ մեթոտները: Որոշուեցաւ վերամշակումի ենթարկել նաեւ միութեան ժողովավարական կանոնները, շքանշաններու կանոնագրութիւնը եւ փրոթոքալային ուղեցոյցը:
Կեդրոնական վարչութիւնը յատուկ ուշադրութեամբ քննեց միութեան նորաստեղծ երիտասարդական բաժանմունքին ստեղծման քայլերը եւ հաստատեց, որ բաժանմունքը պիտի համախմբէ ՀՄԸՄական նախկին սկաուտները եւ մարզիկները, որոնք կը փափաքին միութենական իրենց աշխատանքները շարունակել այլազան բնագաւառներու ճամբով:
Կեդրոնական վարչութիւնը որոշեց մինչեւ մէկ տարի պատրաստել բաժանմունքին աշխատանքային ուղեցոյցը եւ փորձարկել զայն մինչեւ յաջորդ Պատագամաւորական Ընդհանուր ժողով:
Կեդրոնական վարչութիւնը անդրադարձաւ միութեան քարոզչական, տեղեկատուական եւ արհեստագիտական մարզերուն ընդհանուր իրավիճակին եւ անհրաժեշտ գտաւ ժամանակակից եւ արդիական մօտեցումներով հասնիլ երիտասարդական աւելի լայն շերտերու եւ հայկական կազմակերպ համայնքներէ հեռու մնացող աշխարհասփիւռ հայերու: Առ այդ, անիկա անհրաժեշտ գտաւ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթը տպագիրի կողքին համացանցային տարբերակով ներկայացնել, ՀՄԸՄի Application մը ունենալ, կայքէջի եւ ընկերային ցանցերու աւելի արդիւնաւէտ գործունէութեան ՀՄԸՄական ուղեցոյց մը պատրաստել:
Քառամեայ իր ծրագիրներուն յաջողութեան համար, Կեդրոնական վարչութիւնը սերտեց միութեան նիւթական կարելիութիւններուն ընդլայման միջոցները՝ մօտակայ եւ հեռակայ ծրագիրներու մշակման ճամբով:
Լիագումարին քննարկումի նիւթ դարձան նաեւ միութեան թանգարանին, արխիւներուն, համացանցային վաճառատան (online shop), եկամտաբեր ֆոնտին (Endowment fund) վերաբերեալ հարցեր:
Երկօրեայ իր նիստերուն ընթացքին, Կեդրոնական վարչութիւնը գնահատեց Լիբանանի ներկայ տագնապալի պայմաններուն մէջ ՀՄԸՄի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ մասնաճիւղերուն արտակարգ ճիգերը՝ միութենական աշխատանքները անշեղ յանձնառութեամբ եւ կարելի եղած չափով աշխուժութեամբ շարունակելու՝ մնալով պատնէշի վրայ, յօգուտ համայնքին եւ ՀՄԸՄի առաքելութեան կենսագործման:
Լիագումար իր նիստերու աւարտին, Կեդրոնական վարչութիւնը, ՀՄԸՄ-Ֆրանսի վարչութեան եւ Ֆրանսայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Վահան եպս. Յովհաննէսեանի ներկայութեամբ, հանդիպում մը ունեցաւ Իսի լէ Մուլինոյի քաղաքապետ Անտրէ Սանթինիի հետ՝ շնորհակալութիւն յայտնելու համար քաղաքին մէջ ՀՄԸՄի մարզահամալիրի կառուցման իր բերած կարեւոր նպաստին համար: Մարզահամալիրը պիտի ծառայէ Եւրոպայի համայն հայութեան եւ պատրաստ պիտի ըլլայ մինչեւ 2022ի աւարտը:
Վերջապէս, Կեդրոնական վարչութիւնը որոշեց 2019-2023 քառամեակին համար համաՀՄԸՄական իր գլխաւոր ձեռնարկները կատարել հետեւեալ ժամանակացոյցով. 2020-ին՝ միջդիւանական Ժ. խորհրդաժողով եւ համաՀՄԸՄական խմբապետական Ը. համագումար, 2021ին՝ համաՀՄԸՄական ԺԱ. մարզախաղեր, 2022ին՝ համաՀՄԸՄական ԺԲ. ընդհանուր բանակում, 2023ին՝ երիտասարդական Բ. համագումար եւ Պատգամաւորական ԺԳ. Ընդհանուր ժողով:
ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ