ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 1988ի երկրաշարժի 31րդ տարելիցին առիթով, Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 7 Դեկտեմբերին այցելեց Գիւմրի՝ յարգանքի տուրք մատուցելու երկրաշարժի զոհերու յիշատակին:
Քաղաքի Սուրբ Աստուածածին (Եօթ Վէրք) եկեղեցւոյ մէջ, Հանրապետութեան նախագահը ներկայ գտնուեցաւ երկրաշարժի զոհերուն յիշատակի ոգեկոչման Ս. պատարագին, ապա ծաղկեպսակ զետեղեց երկրաշարժի զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին դիմաց։
Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, նախագահը դիտել տուաւ, որ աղէտէն 31 տարի ետք տակաւին գոյութիւն ունեցող հարցերը իրենց պատճառները ունին: «31 տարիների ընթացքում ունեցել ենք նաեւ պատերազմ, հսկայական դժուարութիւններ, սահմանափակումներ։ Բայց սրանց կողքին պէտք է յիշել նաեւ այս ողբերգութիւնն ապրած ժողովրդի համբերութիւնը: Ձեր բեռը ուսերին համբերատար տանում էք, հաւանաբար՝ սպասելով այն օրուան, երբ մենք բոլորս միասին, որպէս հայ ժողովուրդ կը կարողանանք մեր հայեացքն ամբողջովին ուղղել դէպի ձեզ, դէպի հիւսիս», նշեց նախագահը՝ յոյս յայտնելով, որ այն ուշադրութիւնը, որ արդէն կայ, պիտի օգնէ աղէտի գօտիի բնակիչներուն՝ վերականգնել նախկին ուրախութիւնը եւ կորսուածը: «Ես յոյս ունեմ, որ այն սէրը, որ մեր սրտում պահել ենք 30 տարի, այն ջերմութիւնը, այն հոգատարութիւնն ու այն մեծ գնահատականը, որ ունենք ձեր համբերատարութեան համար, ձեր արժանապատուութեան համար, եկել է ժամանակը, որ վերադարձնենք: Ժամանակը եկել է, որ բոլորս միասին վերականգնենք այս հոյակապ քաղաքը՝ Գիւմրին, նաեւ՝ Սպիտակն ու Վանաձորը: Նորից կեանք ու ուրախութիւն բերենք: Այստեղ կեանքն իրօք յաղթել է մահին», շեշտեց ան:
Հանրապետութեան նախագահը Գիւմրիի մէջ այցելեց «Մօր եւ Մանկան» աւստրիական հիւանդանոցը, զրուցեց բժիշկներուն եւ հիւանդապահներուն հետ, շնորհաւորեց երկրաշարժին օրը վերածնող Գիւմրիի մէջ ծնած չորս փոքրիկներ եւ նուէրներ յանձնեց անոնց։ Նախագահը նաեւ այցելեց «ԼՕՖԹ» կեդրոնը, ուր Ասիական զարգացման դրամատան աջակցութեամբ կ՛իրականանայ առաջնորդութեան եւ հաղորդակցութեան դասընթացք քաղաքի սկսնակ ձեռներէց կիներուն համար։ Նախագահը դրուատեց կիներուն դերակատարութիւնը՝ շեշտելով, որ մեծ հաւատք կայ անոնց եւ անոնց ունենալիք դերակատարութեան նկատմամբ։
Ա. Սարգսեան դիտել տուաւ, որ հայ կանայք նաեւ առաւելութիւն ունեն, որովհետեւ ընտանիքները կրնան նեցուկ ըլլալ անոնց ձեռնարկումներուն: «Գիւմրին այսօր կայ եւ ապրում է նաեւ կանանց շնորհիւ, քանի որ կանայք չյուսահատուեցին ու ամուր մնացին: Մենք պէտք է հնարաւորինս աջակցենք, որ ձեզնից իւրաքանչիւրը կարողանայ գտնել իր մէջ եղած միգուցէ թաքնուած տաղանդն ու այն իրացնել: Վստահ եղէք եւ առանց վախենալու առաջ գնացէք», ըսաւ ան։
Գիւմրիի մէջ նախագահը այցելեց նաեւ «Գիւմրին մեր տունն է» երիտասարդական նախաձեռնութեան արուեստանոցը, ծանօթացաւ տարուած աշխատանքին եւ զրուցեց երիտասարդներուն հետ։ Այս նախաձեռնութիւնը ունի 300 անդամ, կը գործէ 2012 թուականէն ի վեր, անոր հիմնական նպատակն է վեր առնել եւ լուծել Շիրակի մարզին հարցերը, մասնաւորաբար՝ ընկերային, զբօսաշրջութեան, մշակութային եւ մարմնակրթական։
7 Դեկտեմբերի երեկոյեան, նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ Գիւմրիի նուիրուած «Գիւմրի, իմ սէր» խորագիրով համերգը, որուն ընթացքին յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ նաեւ երկրաշարժի զոհերուն յիշատակին։ Այս առիթով նախագահը ողջունեց գիւմրեցիները եւ անոնց ապրելու կամքը՝ շեշտելով, որ այս համերգին Գիւմրիէն զանազան խումբերու մասնակցութիւնը անգամ մը եւս ապացուցեց, որ կեանքը աւելի հզօր է, քան մահը։ «Գլուխ եմ խոնարհում անմեղ զոհերի յիշատակի առաջ, որ սրանից 31 տարի առաջ իրենց կեանքն աւարտեցին Կիրովականում, Սպիտակում եւ Լենինականում ու նաեւ այն բոլոր մայրերի, հայրերի, եղբայրների եւ քոյրերի առաջ, որոնք չվհատուեցին եւ հաւատացին, որ կեանքն աւելի հզօր է, քան մահը, եւ իրենց նուիրումը բերեցին իրենց զաւակներին, թոռներին, որպէսզի կրկին ապացուցեն, որ Վանաձորը, Սպիտակն ու Գիւմրին ընդմիշտ են», յայտնեց նախագահը: