Հինգշաբթի, 28 Նոյեմբերէն մինչեւ Կիրակի, 1 Դեկտեմբեր, Աթէնք գտնուեցաւ հանրածանօթ «Յուշամատեան» միութեան գիտաշխատողներու խումբը, գլխաւորութեամբ Վահէ Թաշճեանի: Տարիներ առաջ կազմուած «Յուշամատեան»ը ճամբայ ելած է լուսանկարելու եւ ի մի հաւաքելու Օսմանեան կայսրութեան շրջանէն ժառանգութիւն մնացած հայերու ազգագրական, հասարակական, համայնքային, մշակութային, առտնին, անձնական եւ առօրեայ կեանքի բոլոր նմոյշները, իրերը եւ յուշերը, որոնք պահուած կը մնան ընտանիքներու եւ հաստատութիւններու մօտ:
Յունաստանի Համազգայինին եւ «Արմենիքա» պարբերաթերթին գործակցութեամբ՝ տեղի ունեցաւ 4 աշխատանոցներու եւ զեկուցական երեկոներու շարք մը, որոնց ընթացքին ժողովուրդի արձագանգը եւ հետաքրքրութիւնը աւելիով գոհացուց կազմակերպիչները եւ «Յուշամատեան»ի խումբը:
Հաւաքները տեղի ունեցան Ֆիքսի «Ա. Մանուկեան» ակումբին եւ Քոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ, նախ երկու շարունակական ներկայացումներով, որոնց ընթացքին Վահէ Թաշճեան պատշաճ կերպով ներկայացուց «Յուշամատեան»ի աշխատանքները եւ բարձր որակի ու հարուստ պարունակութեամբ կայքէջը, որ մատչելի է բոլոր հետաքրքրուողներուն համար եւ ցոյց կու տայ այն հսկայական ու կարեւոր աշխատանքը, որ կատարուած է «Յուշամատեան»ի գիտաշխատողներուն կողմէ: Երկու հրապարակային հաւաքներուն ներածական խօսքով հանդէս եկան Յարութիւն Քիւրքճեան եւ Գուին Մինասեան:
Յաջորդական երկու աշխատանոցներու ընթացքին, առաւել քան 40 հայրենակիցներ ընդառաջեցին Համազգայինի եւ «Արմենիքա»ի կոչին ու «Յուշամատեան»ի տրամադրութեան տակ դրին մեծ թիւով արժէքաւոր յուշ-իրեր, որոնք Արեւմտեան Հայաստանի եւ Փոքր Ասիոյ քաղաքներէն ու գիւղերէն փրկուած՝ ժառանգ մնացած էին իրենց նախնիներէն եւ ընտանեկան հարազատներէն:
«Յուշամատեան»ի աշխատանոցներուն աւարտին, «Ազատ Օր»ը զրոյց մը ունեցաւ Վահէ Թաշճեանին հետ, որ իր խոր տպաւորութիւնները եւ գնահատանքը յայտնեց եղած աշխատանքին համար: Ան ի միջի այլոց ըսաւ. «Երկու օրերու վրայ երկարող աշխատանոցը «Յուշամատեան»ի մինչեւ այսօր կազմակերպած ձեռնարկներէն ամէնէն յաջողներէն, ինչու չէ նաեւ՝ ամէնէն յաջողն էր: Այնքան հարուստ էին հաւաքուած նիւթերը, թէ՛ իբրեւ յիշողութեան առարկաներ եւ թէ իբրեւ ընտանեկան պատմութիւններ: Ընտանիքներու անդամներու հետ այս հանդիպումներուն ընթացքին եւ անոնց ընտանեկան վկայութիւններուն ընդմէջէն այնքան յստակօրէն կարելի է տեսնել, որ Յունաստանը գաղթական հայութեան համար եղած է նոր սկիզբի մը առաջին կայանը, այնպէս, ինչպէս Հալէպը եղած է Միջին Արեւելքի հայութեան համար: Օսմանեան կայսրութենէն բռնագաղթած տասնեակ հազարաւոր հայերու համար Յունաստանով ծայր կ՛առնէ սփիւռքեան կեանքը: Շատեր հետագային Յունաստան չեն մնացած, բայց իրենց համար Սփիւռքի առաջին փուլը, վերականգնելու, խմբուելու, նոր կեանք մը սկսելու առաջին կայանը Յունաստանն է: Այս իմաստով ալ հայկական իրականութեան մէջ Աթէնքը (վստահաբար նաեւ Թեսաղոնիկէն) մայր գաղութ կոչուելու ամէն պատճառ ունի:
«Յունաստան հասնողները եթէ մեծ մասամբ արդի Թուրքիոյ արեւմտեան նահանգներէն ընտանիքներու վերապրող անդամներ եղած են, բայց հոս կան նաեւ — ինչպէս նկատեցինք մեր աշխատանոցին ընթացքին — յատկապէս Կիլիկիոյ շրջանէն, ինչպէս նաեւ արեւելեան նահանգներէն եկած հայեր: Այս իմաստով ալ Յունաստանի հայութեան յիշողութիւնը բազմաշերտ է եւ հարուստ:
Հետաքրքրական երեւոյթ էր տեսնել նաեւ, թէ որքան վառ մնացած է ընտանեկան յիշողութիւնը այսօրուան շառաւիղներուն մէջ: Մեր զրուցակիցները ընդհանրապէս երկրորդ կամ երրորդ սերունդի ներկայացուցիչներ էին: Երբ կը վերյիշէին իրենց ընտանիքին ուղին՝ Օսմանեան կայսրութենէն մինչեւ Յունաստանի առաջին երկու-երեք տասնամեակը, շատեր կը պատմէին այնպիսի յուզումով, որ կարծէք դէպքերուն եւ դէմքերուն ժամանակակիցներ ըլլային: Այս մթնոլորտը կրնամ ըսել իւրայատուկ է. հայկական տարբեր համայնքներու մէջ այսպիսի բազմաթիւ աշխատանոցներ վարած եմ, բայց առաջին անգամ ըլլալով հանդիպած եմ այսքան մեծ թիւով մարդոց, որոնք սերտօրէն կապուած են իրենց նախնիներու յիշողութեան: Այս մէկը անշուշտ գործս ալ կը դիւրացնէր, քանի որ կը բաւէր որ ճիշդ հարցումները հարցնէի, անկէ ետք զրուցակիցներս ամէն ինչ կը պատմէին, թէ՛ իրենց ընտանիքին մանրապատմութեան մասին եւ թէ իրենց տուներուն մէջ պահուող յիշողութեան առարկաներուն մասին:
«Յոյս ունիմ, որ մօտիկ ապագային կը կրկնենք այսպիսի ձեռնարկ մը Աթէնքի մէջ եւ կը կազմակերպենք աշխատանոց մը այս անգամ Թեսաղոնիկէի մէջ: Հիմա արդէն, Աթէնքի մէջ ունինք գործընկեր կազմակերպութիւններ՝ «Արմենիքա» պարբերաթերթը եւ Համազգայինը, որոնց գոյութիւնը մեծապէս կը դիւրացնէ մեր գործը: Աթէնքի մեր աշխատանոցը կազմակերպուեցաւ երկու կառոյցներուն հետ գործակցաբար. համոզուած եմ, որ աշխատանոցին յաջողութեան բուն պատճառներէն մէկն ալ այսպիսի աշխոյժ գործընկերներ ունենալն էր»: