Չորեքշաբթի, 4 Դեկտեմբերի երեկոյեան, ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի նստավայրին մէջ, հանդիպում տեղի ունեցաւ Յունահայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ Յունաստանի Ազգային վարչութեան կազմին ու ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին միջեւ: Առաջնորդ սրբազան հօր կ՛ընկերանար Յունաստանի Կրօնական ժողովի ատենապետ Հրայր Ա. քհնյ. Նիկոլեան:
Ողջունելով թեմակալ առաջնորդին եւ Ազգային վարչութեան այցելութիւնը, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Սերգօ Գույումճեան շնորհաւորեց նորընտիր Ազգային վարչութեան կազմը, բեղուն ու ազգանպաստ գործունէութիւն մաղթելով անոր: Ապա ան հակիրճ ներկայացումը կատարեց Յունաստանի մէջ գործող ՀՅԴ կառոյցին եւ իր ուղեկից միութիւններուն, որոնց առողջ ու աշխոյժ գործունէութեան ընդմէջէն, կ՛ամրապնդուի գաղութային համախմբուածութեան կարեւոր գրաւականը:
Առաջնորդ սրբազան հայրը յանուն Ազգային իշխանութեան՝ ուրախութեամբ ողջունեց այս այցելութիւնը, իր գնահատանքն ու քաջալերանքը յայտնելով ազգային ծառայութեան կոչուած մարմիններու համագործակցութեան կարեւոր քայլերու որդեգրումին գծով: Խօսելով գաղութը զարգացնելու եւ ժողովուրդը համախմբելու զոյգ նպատակներուն շուրջ, ան նշեց նոր ժամանակներուն եւ պայմաններուն ընդառաջ աշխատելու հանգամանքներու պատշաճեցման անհրաժեշտութիւնը:
Ծաւալած զրոյցին ընթացքին անդրադարձ եղաւ Սփիւռքի եւ յատկապէս Յունաստանի հայ գաղութի պարզած ներկայ կացութեան եւ դիմագրաւուած հարցերուն, իսկ յատուկ շեշտ դրուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու վերակազմակերպման ու վերաշխուժացման աշխատանքին ուղղութեամբ կատարուելիք աշխատանքներուն։
Ժողովականները շեշտեցին գաղութին մշակութային եւ հոգեմտաւոր զարգացման կենսական հիմնահարցերու լայն ու նպատակաուղղուած քննարկման անհրաժեշտութիւնը, որ Յունաստանի հայ հաւաքական կեանքի առանցքային բոլոր բնագաւառներուն մէջ առաջնահերթութիւններ կը ստեղծէ, ազգային ուրոյն դիմագիծի պահպանման երաշխիքը դառնալով: