Հինգշաբթի, 5 Դեկտեմբեր 2019ին, Օնթարիօ նահանգի մայրաքաղաք հայաշատ Թորոնթոյի մէջ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան հանդիպումներ ունեցաւ նահանգային նախարարներու, երեսփոխաննեու եւ քաղաքապետական ներկայացուցիչներու հետ, Օնթարիոյի նահանգային խորհրդարանին եւ Թորոնթոյի քաղաքապետարանին մէջ:
Առաւօտեան, Սաղաթելեան, ընկերակցութեամբ Օնթարիոյի նահանգային երեսփոխան, հայազգի Արիս Պապիկեանի, խորհրդարանին մէջ հանդիպեցաւ խորհրդարանի խօսնակ Թետ Արնոտի, իշխանաւոր պահպանողական կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկաւար Փօլ Քալանտրայի, նախարարներ Վիք Ֆիտելիի, Քերըլայն Մուլրոնիի, Տակ Տաունիի, Փիթըր Պեթլանֆալվիի, Սիլվիա Ճոնզի, Սթիվըն Լեչէի եւ շարք մը այլ երեսփոխաններու հետ: Նախքան հանդիպումները, երեսփոխան Պապիկեան խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին ներկայացուց Իշխան Սաղաթելեանը, որ յոտնկայս ծափահարութեամբ ընդունուեցաւ խորհրդարանի դահլիճին մէջ:
Յէտմիջօրէին, Թորոնթոյի քաղաքապետարանին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի ջերմ բարեկամ, նախկին դաշնակցային խորհրդարանի անդամ եւ ներկայիս Թորոնթոյի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճիմ Քարիճիանիսի հետ, որմէ ետք, Սաղաթելեան եղաւ Քարիճիանիսի ճաշի հիւրը:
Հանդիպումներուն ընթացքին, Սաղաթելեանի կ՛ընկերակցէին ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Հուրի Նաճարեան, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պէլեան եւ Թորոնթոյի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Յարութ Մաթոսեան: