ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Ինչպէս կ՛ակնկալուէր, Թուրքիա զանազան մակարդակներու վրայ անմիջապէս հակադարձեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Ծերակոյտին որոշումին, դարձեալ պնդելով, որ նման բանաձեւեր «գոյութիւն չունին» իրեն համար, այսինքն անոնք որեւէ արժէք չեն ներկայացներ ու որեւէ կերպով պիտի չփոխեն ուրացման ի նպաստ Թուրքիոյ կեցուածքը։
Դեկտեմբեր 14ին, Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ կանչուեցաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ դիւանագիտական աղբիւրներու համաձայն՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սետաթ Օնալ դեսպանին յայտնեց Անգարայի դժգոհութիւնը բանաձեւին վերաբերեալ:
Իր կարգին, Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մամուլի խօսնակը վստահեցուցած է, թէ բանաձեւին ընդունումէն ետք ամերիկեան գործադիր իշխանութեան դիրքորոշումը փոփոխութիւն չէ կրած:
Թուրքիոյ կողմէ առաջին հակազդեցութիւնը եկաւ բանաձեւին ընդունումէն քիչ ետք, երբ նախագահութեան հաղորդակցութեան պատասխանատու Ֆահրետին Ալթուն գրեց, որ Քոնկրեսի կարգ մը անդամներուն կեցուածքը լրջօրէն կը վնասէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն։
Հակազդեցութիւն մըն ալ եկաւ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալընէն, որ կրկնեց, թէ Ցեղասպանութեան մասին Ծերակոյտին ընդունած որոշումը որեւէ արժէք չի ներկայացներ եւ Թուրքիոյ տեսակէտէն՝ անիկա «գոյութիւն չունի»։ «Այս անարժէք որոշումը որեւէ կերպով արգելք պիտի չըլլայ, որպէսզի Թուրքիա շարունակէ գործադրել իր արդար եւ վճռական քաղաքականութիւնը։ Ամենախիստ կերպով կը պախարակենք Ծերակոյտին կողմէ ընդունուած այս որոշումը եւ կը կրկնենք, թէ այդ որոշումը որեւէ ազդեցութիւն պիտի չգործէ թէ՛ քաղաքական, թէ՛ զինուորական եւ թէ տնտեսական գետնին վրայ», ըսաւ ան։
Խիստ հակազդեցութիւն մըն ալ եկաւ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլուէն, որ պնդեց, Ծերակոյտի որոշումը պարզապէս «քաղաքական ցուցադրութիւն» մըն է եւ իրաւական արժէք չունի։ «Անոնք, որ պատմութիւնը կ՛ուզեն գործածել քաղաքական նպատակներու համար, իրականութեան մէջ վախկոտներ են, որոնք ճշմարտութիւններու հետ առերեսուիլ չեն ուզեր», գրեց ան։