
Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան եւս անդրադարձաւ Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման:
«Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը միաձայն ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ: Քանի որ այս տարածաշրջանին մէջ գործուած մեծ յանցանքը նոյն այս տարածաշրջանին մէջ չի քննարկուիր եւ այստեղ չի վերահստատուիր արդարութիւնը, ատոր համար ալ անիկա կը դառնայ այլ երկիրներու խորհրդարաններու քննարկման առարկայ:
Հայ ժողովուրդին վէրքերը կրնայ ապաքինել միայն մէկ խորհրդարան եւ ատիկա Թուրքիոյ խորհրդարանն է, որուն անդամն եմ ես», գրեց Փայլան: