ԷՐՊԻԼ.- Քրտական «Ռուտաու» լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ քիւրտերու ղեկավարած Սուրիական ժողովրդավարական ուժերու ղեկավար Մազլում Ապտի ողջունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու՝ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին որոշումը՝ նշելով, որ անիկա նաեւ պիտի նուազեցնէ Թուրքիոյ զինուորական ուժերուն կողմէ Սուրիոյ քիւրտերուն սպանդին վտանգը։
Ապտի նշեց, որ Ծերակոյտին որոշումը յստակ պատգամ մըն է, որ ցեղասպանական արշաւներ կարելի չէ ազատօրէն իրականացնել 21րդ դարուն։ Ան նոյն ժամանակ յայտնեց, որ մինչ Անգարա կը պնդէ, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ իր գործողութիւնները «ահաբեկիչներ»ու դէմ են, Անգարայի կողմէ հովանաւորուող զինեալ խմբաւորումները իրենք են, որ ահաբեկչական արարքներու կը դիմեն շրջանի խաղաղ բնակչութեան դէմ. պնդում մը, որ երկրոդուած է Մարդկային իրաւանց միջազգային կազմակերպութեան կողմէ։