ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնէթ».- Երեւանի նախկին քաղաքապետը 2009ին ստացած է մեծ չափի կաշառք՝ բազմաբնակարան շէնքի շինարարութեան վերսկսման վերաբերող խոչընդոտները վերացնելուն եւ հարկերը աւելցնելուն համար։
Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածեց Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մամլոյ ծառայութիւնը։ Ըստ անոր՝ կան փաստացի տուեալներ, որ 2009ին Երեւան համայնքը ղեկավարող պաշտօնատար անձը քաղաքին մէջ բազմաբնակարան շէնք կառուցապատող կազմակերպութեան հիմնադիրէն՝ անոր օգտին գործողութիւններ կատարելու, կասեցուած շինարարութեան վերսկսման խոչընդոտները վերացնելու, հարկերը աւելցնելու համար, իր եղբօր միջնորդութեամբ 2009ին մաս-մաս, որոնց կարգին նաեւ քաղաքապետարանի պաշտօնատար անձերու միջոցով՝ ստացած է մեծ չափի՝ 75,000 տոլար կաշառք, իսկ հարցերուն վերջնական լուծում տալու նպատակով պահանջած է նաեւ կառուցուող շէնքին մէջ Երեւանի քաղաքապետարանի կարիքներուն համար յատկացնել 200 քառակուսի մեթր մակերեսով բնակարան:
Այս գծով յարուցուած է քրէական գործ եւ կը կատարուի նախաքննութիւն:
Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը Երեւան համայնքը ղեկավարող պաշտօնատար անձին ինքնութիւնը չէ բացայայտած: 2009ին, Երեւանի մէջ քաղաքապետ փոխուած է, մինչեւ 4 Մարտ քաղաքը ղեկավարած է Երուանդ Զախարեան, ապա մայրաքաղաքի Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք քաղաքապետ դարձած է Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան անդամ Գագիկ Բեգլարեան: