ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 2020ի նախագահական ընտրութիւններուն ՀՅԴի կողմէ առաջադրուած նախագահի թեկնածու, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան 16 Դեկտեմբերին այցելեց Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնօ համայնք՝ վերաբնակեցուող տարածքին մէջ ապրողներուն խնդիրներուն ծանօթանալու եւ վերաբնակեցման համակարգուած, լայնածաւալ եւ հետեւողական իրականացման ուղղութեամբ Դաշնակցութեան մօտեցումները ներկայացնելու:
Դաւիթ Իշխանեանին կ՛ընկերակցէին ՀՅԴ Արցախի ԿԿի անդամ, Քաշաթաղի վարչակազմի պետի տեղակալ Մարինէ Պետոյեան եւ Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Ալեօշա Գաբրիէլեան:
Աղաւնօ կատարած այցելութեան ծիրին մէջ դաշնակցական գործիչները հանդիպում ունեցան դպրոցի ղեկավար կազմին հետ, այցելեցին գիւղին մէջ կառուցուող նոր թաղամաս, դպրոցի շինարարական հարթակ:
Աղաւնոյի բնակիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին, Դաւիթ Իշխանեան նշեց, որ ՀՅԴի աշխարհասփիւռ կառոյցները Արցախի մէջ վերաբնակեցման քաղաքականութեան աջակցող եւ իրագործող հիմնական դերակատարներէն են:
«Վերաբնակեցման ուղղութեամբ ՀՅԴ աշխատանքները շարունակական են՝ ամրագրուած ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի Շրջանային ժողովների որոշումներում: Մենք կարծում ենք, որ վերաբնակեցման յաջող ծրագրի հեռանկարը հնարաւոր է ճիշդ քաղաքականութեան մշակման եւ վարման դէպքում», յայտնեց Իշխանեան՝ նշելով, որ վերաբնակեցման քաղաքականութեան վերաբերեալ ՀՅԴի տեսլականները պիտի արտացոլան ՀՅ Դաշնակցութեան նախընտրական ծրագիրին մէջ:
Օրեր առաջ, «Ապառաժ»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Աղաւնոյի համայնքապետ, ՀՅԴ Քաշաթաղի կոմիտէի ներկայացուցիչ Անդրանիկ Չաւուշեան ըսաւ, որ Աղաւնոյի մէջ արդէն իսկ ընթացքի մէջ են 12 տուներէ բաղկացած նոր թաղամասի մը, դպրոցի մը եւ խաղահրապարակի մը շինարարական աշխատանքները: Ըստ անոր՝ գիւղը ունի լուծում պահանջող շարք մը հարցեր ալ՝ մանկապարտէզի շինարարութիւն, ջրամատակարարում:
«Եթէ մեր նախնիները մեզ ապահովել են ազատագրուած հայրենիքով, ապա մենք պարտաւոր ենք տէր կանգնել ու շէնացնել այս հողերը: Բնակեցնելով Աղաւնօն՝ մենք կատարում ենք հայրենիքի, նահատակուածների ու կենդանի հերոսների առջեւ պարտքը», յայտնեց Անդրանիկ Չաւուշեան: