ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ազատութիւն».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը Երեքշաբթի, 17 Դեկտեմբերին, վերջապէս մեկնաբանեց անցեալ շաբաթ Ծերակոյտին կողմէ թիւ 150 բանաձեւին ընդունումը, որմով ամերիկացի ծերակուտականները 1915ի ջարդերը Ցեղասպանութիւն որակած էին:
«Ամերիկեան վարչակազմին դիրքորոշումը անփոփոխ է: Մեր մօտեցումը կ՛արտացոլայ այս տարուան Ապրիլին Միացեալ Նահանգներու նախագահին արտայայտած յայտարարութեան մէջ», արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին վրայ զետեղուած մեկնաբանութեան մէջ կը նշէ նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Մորկըն Օրթըկըս:
Յիշեցնենք, որ բանաձեւին հաստատումէն ետք, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած Անգարայի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը եւս նման յայտարարութիւն մը կատարած էր, իսկ այս տարուան Ապրիլ 24ին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին առթիւ հրապարակուած ուղերձին մէջ, նախագահ Տանըլտ Թրամփ 1915ի իրադարձութիւնները անուանած էր «Մեծ Եղեռն», դարձեալ խուսափելով «ցեղասպանութիւն» բառը օգտագործելէ: