ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Արդէն սկսած են Տիգրանակերտի կեդրոնական Սուր շրջանին մէջ գտնուող Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները: Այս անգամ վերանորոգումը կը կատարուի Թուրքիոյ քաղաքաշինութեան նախարարութեան կողմէ: Սուրի թաղապետ Ապտուլլահ Շիֆթչի յայտարարեց, որ այդ շրջանին մէջ գտնուող 4 եկեղեցիներուն համար 30 միլիոն թրքական լիրա (շուրջ 5 միլիոն տոլար) յատկացուած է: Կը նախատեսուի, որ վերանորոգման աշխատանքները աւարտին 2020ի վերջաւորութեան:
Երկար տարիներ լքուած եկեղեցին 2011ին վերանորոգուած եւ վերաբացուած էր եկեղեցւոյ հիմնադրամին եւ քաղաքապետարանի նիւթական աջակցութեամբ: Սակայն 2015-16ին, Սուրի մէջ տեղի ունեցած քիւրտ-թուրք բախումներուն ընթացքին, եկեղեցին լուրջ վնասներ կրած էր։
Միջին Արեւելքի ամենամեծ հայկական եկեղեցին համարուող Սուրբ Կիրակոսը կառուցուած է 1376ին: