ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- ԵՈՒՆԵՍՔՕի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին վրայ ներառուած Տիգրանակերտի պատմական պարիսպէն գողցուած քարերը Թուրքիոյ մէջ կը վաճառուին, յատկապէս պարիսպին Մարտինքափըի հատուածին մէջ, կը հաղորդէ «Մեզոփոթամիա» լրատուական գործակալութիւնը:
Ըստ աղբիւրին՝ հարցին անդրադարձած է թուրք ճարտարապետ Արիֆ Իփեք, որ յայտնած է, թէ որովհետեւ պարիսպէն խլուած քարերու հետքերը թարմ են, ակնյայտ է, որ քարերը ոչ թէ ժամանակի ընթացքին ինկած են, այլ՝ անոնք վերջերս հանուած են մարդոց կողմէ: Կը հաղորդուի, որ քարերը կ՛օգտագործուին գլխաւորաբար շրջանին մէջ սրճարաններ կառուցելու նպատակով։
Արիֆ Իփեք լրատուական գործակալութեան թղթակիցին յայտնեց, որ եթէ անհրաժեշտ միջոցներ չձեռնարկուին, այս քանդումը պիտի շարունակուի։ «Կարելի է պարբերական հսկողութիւն սահմանել, եւ այս հարցով պատասխանատու եւ իրաւասու հաստատութիւնը պէտք է շուտափոյթ սկսի այդ ուղղութեամբ աշխատանքներու», ըսաւ Իփեք: