Նորարարական «Մետիքեր»ի ծրագիրը հիւանդներուն կը հայթայթէ յետ-հիւանդանոցի խնամք՝ ապաքինման նեցուկ կանգնելու համար:
Շարունակուող Խնամքի Ծրագիրը CHA Հոլիվուտի Փրեսպիթերիըն Բժշկական Կեդրոնին մէջ (CHA HPMC) նեցուկ կը կանգնի հիւանդին ապաքինման՝ հիւանդանոցէն արձակուելէն ետք, նուազեցնելով բարդութիւններու վտանգը, նոյն ժամանակ վստահ ըլլալով, որ հիւանդները կը վերագտնեն եւ կը պահպանեն իրենց առողջութիւնը: «Թայթենիըմ Հելթքեր»ին եւ «Չարթըր Հելթ Կրուփ»ին հետ միասին՝ CHA HPMC-ի Հոկտեմբեր 2018ին մեկնարկած նախաձեռնութիւնը կը կեդրոնանայ նեխութեան ախտաճանաչումով (sepsis diagnosis) կամ նեխական կաթուածի իբրեւ հետեւանք ախտամերժութեան համակարգի անկումով (immune system failure due to septic shock) «Մետիքեր»ի հիւանդներու վրայ:
Շարունակուող Խնամքը «Մետիքեր»ի հիւանդներուն կը հայթայթէ խտացեալ հոգատարութիւն՝ CHA HPMC-էն արձակուելէն ետք, 90 օրերու ընթացքին: «Մետիքեր»ի իրաւասու օգտատէրերուն կը նշանակուի անձնականացուած դարմանական ուղի մը՝ խնամքի յատուկ կանոնակարգով: Թիրախները կ՛ընդգրկեն խիստ որակաւոր միջոցառումներ, հիւանդանոց վերընդունուելէ խուսափիլ եւ, ի վերջոյ, հիւանդին բարօրութիւնը եւ գոհունակութիւնը:
Նախաձեռնութիւնը առ այսօր, իր ծառայութիւնը ընդարձակեց՝ ներառելով վարակի հիմքով ախտաճանաչումներ, ներառեալ՝ պարզ թոքատապ եւ շնչառական վարակ, միզային ուղիի վարակ եւ բջիջախտ: Սոյն ծրագիրով կը լուծուին կարգ մը սիրտի հարցերու ախտաճանաչումեր, ներառեալ՝ սրտամկանային սուր վարակներ, սիրտի արիւնազեղային թերացումներ եւ սրտասնոյց անօթի մաշկային միջամտութիւն (հիւանդանոցի մէջ միայն):
Ծրագիրի խումբը կ՛ընդգրկէ հիւանդներուն ուղեկցողներ, հարցեր տնօրինողներ եւ շաբաթը եօթը օր ու օրական 24 ժամ հիւանդապահներու շարքի բաշխում՝ միասնաբար հայթայթելով լաւ համակարգուած, բարձր որակի եւ հիւանդակեդրոն բժշկական խնամք: Ծրագիրը նաեւ կը ձգտի բարելաւել «Մետիքեր»ի վճարումներու աւանդական նախատիպերը՝ մատակարարող կողմին համար խթաններ ստեղծելով՝ համագործակցելու, երբ անոնք խնամքը կը համակարգեն թէ՛ հիւանդին հիւանդանոց գտնուելու ատեն եւ թէ անկէ ետք: Խումբը կազմուած է՝ բարելաւելու համար խնամքի որակը եւ արդիւնաւէտութիւնը, Medicare Bundles Payments for Care Improvement Advances Initiative-ի պաշտպանութեան տակ:
«Ծրագիրը կ՛ապահովէ հիւանդներուն առողջութեան պահպանումը եւ կը նուազեցնէ բարդութիւններու վտանգը», կը յայտնէ CHA HPMC-ի նախագահ Ռապըրթ Ալլըն՝ աւելցնելով. «Մենք հպարտ ենք մատուցելու մեր Շարունակուող Խնամքի Ծրագիրը՝ բարելաւելու համար մեր հայթայթած խնամքին որակը, թէ՛ հիւանդին՝ CHA HPMC-ի մէջ գտնուած միջոցին, եւ թէ անոր տուն վերադառնալէն ետք: Երբեք այսքան կարեւոր չէ եղած հիւանդակեդրոն ծրագիրներ ստեղծելը եւ արդիւնքները առաւելագոյնին հասցնելը»: