ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Շաբաթ, 28 Դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, տօնական օրերու յատուկ դասական երաժշտութեան նուիրուած համերգ մը տեղի պիտի ունենայ Պօղոսեան ընտանիքի համոյթին կատարողութեամբ, «Ապրիլ» գրատան մէջ:
Պիտի կատարուին Մոցարթէն, Կոմիտասէն, Արամ Խաչատուրեանէն եւ Եոհան Շթրաուսէն ստեղծագործութիւններ:
Պօղոսեան ընտանիքի համոյթին մաս կը կազմեն Մովսէս Պօղոսեան (ջութակ), Վարդի Մանուէլեան (ջութակ), Եդուարդ Պօղոսեան (թաւջութակ), Քարա Պօղոսեան (ջութ), եւ Անուշ Պօղոսեան (քլարինեթ, աւագասրինգ):
Տոմսերու սակը 20 տոլար է: Ձեռնարկին հասոյթը պիտի նուիրուի «Երաժշտութիւն ուտեստեղէնի համար» բարեսիրական կազմակերպութեան:
Տեղեր ապահովելու համար՝ այցելել www.itsmyseat.com/abrilbooks կայքէջը:
Ձեռնարկը մաս կը կազմէ «Ապրիլ» գրատան նախաձեռնած Երաժշտական երեկոներու շարքին:
«Ապրիլ» գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA 91205:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել (818) 243-4112 թիւին կամ noor@abrilbooks.com հասցէին: