ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ամերիկահայ Բժշկական միութեան խորհրդատուական տարեկան հաւաքը պիտի հանդիսանայ բժշկական ոլորտին մէջ երկարամեայ փորձառութիւն ունեցողներուն, նորեկներուն եւ բժշկութիւն ուսանողներուն միջեւ կարծիքներու եւ խրատներու փոխանակման հոյակապ առիթ մը, կը հաղորդէ միութեան նախկին նախագահ եւ ներկայիս անոր վարչութեան անդամ տոքթ. Րաֆֆի Թաշճեան։
Այս տարուան հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 22 Դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 5էն սկսեալ, «Իտըն» ճաշարանին մէջ, որուն հասցէն է՝ 214 N. Brand Boulevard, Glendale CA 91203։
Կը խնդրուի տեղեր ապահովել՝ դիմելով info@aamsc.org հասցէին կամ (818) 980-7777 թիւին։ Մուտք ազատ է միութեան անդամներուն համար։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ այցելել www.aamsc.org կայքը։