ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Հինգշաբթի, 12 Դեկտեբերին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպանատան պաշտպանութեան կցորդ՝ գնդապետ Արման Մկրտչեանի եւ Հայ վիրաւոր հերոսներու հիմնադրամի տնօրէն խորհուրդի անդամ Ռազմիկ Արզումանեանի։
Մարդասիրական այս կազմակերպութիւնը մեր հայրենիքը պաշտպանող քաջարի զինուորներուն առաջին բժշկական օգնութեան փաթեթներ եւ ֆիզիքական ու հոգեկան վերականգնումի նպաստներ կը տրամադրէ, ինչպէս նաեւ աշխատանքի եւ կրթական ծրագիրներու միջոցներ կ՛ընձեռէ։
Ծանօթացման հանդիպումին ընթացքին, հիւրերը ներկայացուցին հիմնադրամին առաքելութիւնը եւ պաշտպանութեան բարեփոխումներու ընթացքը։
Կարեւոր համարելով մեր հերոս զինուորներուն մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերելու հրամայականը՝ առաջնորդ սրբազանը, իր կարգին, Ազգային առաջնորդարանին ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց։