ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճան եւ Ուքրանիա փոխադարձաբար կ՛աջակցին իրարու տարածքային ամբողջականութեան հասնելու ճիգին, 17 Դեկտեմբերին Պաքուի մէջ յայտարարեցին երկու երկիրներուն նախագահները՝ Իլհամ Ալիեւ եւ Վլատիմիր Զելենսքի:
Զելենսքի նաեւ յայտնեց, որ իր երկիրը շահագրգռուած է ատրպէյճանցի գործարարներու հետ աւելի սերտ համագործակցութեամբ:
Քիեւ նաեւ կ՛աջակցի Հարաւային կազային միջանցք նախագիծին եւ կողմերը համաձայնեցան ուսումնասիրել այդ գծով գործակցութիւնը ընդլայնելու հաւանականութիւնները:
Զելենսքի նաեւ Ալիեւին Ուքրանիա հրաւիրեց: