ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Էսքիշեհիրի «Անատոլու» համալսարանի ուսանողական ակումբներու անդամները համալսարանին մէջ բողոքի ցոյց մը կատարեցին՝ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ ընդունուած Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին դէմ։
«Այս բանաձեւին ընդունումը ապտակի մը համազօր է։ Մենք շատ ալ լաւ կը հասկնանք, որ բանաձեւը վաւերացուեցաւ, որովհետեւ ամերիկացիներ դէմ էին Թուրքիոյ «Խաղաղութեան աղբիւր» կոչուած ռազմական գործողութեան եւ Միջերկրական ծովուն մէջ կազի փնտռտուքին համար մեր պետութեան տարած աշխատանքին։ Ամերիկա այսպիսի ամբարտաւան որոշումներ կու տայ ու կը կարծէ, որ աշխարհի ոստիկանը ի՛նքն է։ Ամերիկեան Ծերակոյտը իրաւասու չէ այսպիսի որոշում մը տալու եւ մենք՝ իբրեւ թուրք երիտասարդութիւն, չենք ճանչնար այդ որոշումը», պնդեց համալսարանին Մտաւորականներու ակումբի ղեկավար Էմիրճան Ֆըրընճ։