ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Ռուսիա 500 միլիոն տոլար պիտի տրամադրէ Թարթուսի նաւահանգիստը արդիականացնելու ծրագիրը իրականացնելու համար:
Ռուսիոյ փոխվարչապետ Եուրի Պորիսով «Շամ Թայմզ» թերթի թղթակիցին յայտնեց, որ նաւահանգիստին նորոգութիւնը պիտի տեւէ չորս տարի: Ան հաստատեց, որ Ռուսիա ծրագրած է նաւահանգիստը արդիական չափանիշներով նորոգել, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Իրաքի միջեւ երկաթուղի կառուցել՝ իբրեւ միջանցք դէպի Միջերկրական ծով եւ Ծոց, ինչ որ բեռնափոխադրութիւնը եւ առեւտուրը պիտի բարելաւէ:
Պորիսով աւելցուց, որ այս ծրագիրին իրականացումով, Թարթուսի նաւահանգիստին մէջ շուրջ 3700 գործաւորի աշխատանք պիտի հայթայթուի:
Նշենք, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ հանդիպում մը ունեցաւ Դամասկոս այցելող Պորիսովի հետ: Հանդիպումին ընթացքին, կողմերը խորհրդակցեցան բարեկամ երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական գործակցութեան զարգացման եւ յարաբերութիւններու ամրապնդման շուրջ: Ասատ եւ Պորիսով պատրաստակամութիւն յայտնեցին նպաստելու ռուս-սուրիական տնտեսական միացեալ յանձնախումբին որոշումներուն գործադրութեան: