ՓԱՐԻԶ, «Յառաջ».- Սիտնիի մօտ Թուրքիոյ աւագ հիւպատոսը եւ անոր թիկնապահը 39 տարի առաջ սպաննուած էին: Տարելիցին առթիւ հանդիսութիւն մը կազմակերպուեցաւ Սիտնիի թրքական աւագ հիւպատոսարանի շէնքին առջեւ: Այս առթիւ հաղորդուեցաւ, որ արարքին հեղինակները գտնելու համար յատուկ մարմին մը պիտի կազմուի եւ ան, որ գտնէ զանոնք, պիտի վարձատրուի 1 միլիոն աւստրալիական տոլարով: 17 Դեկտեմբեր 1980ին գործուած յարձակումը վերագրուած էր «Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակ»ին (ԱՍԱԼԱ):
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.