ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման հետեւող Միջազգային ճգնաժամային խումբը կը պնդէ, որ յառաջդիմութիւն արձանագրելու հաւանականութիւն ստեղծուուած է։
Բարձրաստիճան նախկին դիւանագէտներէ, պետական պաշտօնատարներէ, հեղինակաւոր փորձագէտներէ եւ վերլուծաբաններէ բաղկացած խումբը կ՛ընդունի, որ հակամարտութեան կողմերու դիրքերը տակաւին շատ հեռու են իրարմէ, սակայն նոյն ժամանակ կը պնդէ, որ բանակցութիւնները կրնան կանխել հաւանական նոր բախումներ, յատկապէս այն միջոցին, երբ տարածաշրջանին մէջ ռազմական ուժը շարունակաբար կ՛աճի:
Արցախի վերաբերող այս տարուան զեկոյցին խորագիրն է՝ «Ելքեր Փակուղիէն» եւ փորձագէտները կ՛առաջարկեն կեդրոնանալ երեք հարցերու վրայ, որոնց շուրջ կողմերը հակադիր դիրքորոշումներ ունեցած են 90ականներու պատերազմէն ի վեր: Անոնք են.
- Արցախի շուրջ տարածքներու ճակատագիրը. «Ատրպէյճանցիները պատերազմին ընթացքին ստիպուած եղան լքելու այդ շրջանները եւ անոնց փոխարէն հոն բնակութիւն հաստատած են Ատրպէյճանէն տեղահանուած հայերը», նշուած է զեկոյցին մէջ։ Փորձագէտները կը պնդեն, որ փակուղիէն դուրս գալու համար Հայաստան կրնայ համոզել Արցախի իշխանութիւններուն, որ դադարեցնեն նոր բնակավայրերու կառուցումը այս տարածքներուն մէջ, եթէ Պաքու իր կարգին խոստանայ միջազգային դատարաններուն մէջ բնակեցման վերաբերեալ հայցեր չներկայացնել եւ հրաժարիլ պատժամիջոցներէ։
- Միջազգային խաղաղապահ առաքելութեան տեղակայում. «Այսպիսի առաքելութիւն մը կրնայ օգնել նուազագոյնի հասցնելու բռնութիւնը, պայմաններ ստեղծելով խաղաղութեան համար եւ ապահովելով խաղաղութեան համաձայնագիրին կատարումը, եթէ անիկա ստորագրուի», կը վստահեցնէ Միջազգային ճգնաժամային խումբը, ցաւ յայտելով, որ 1994էն ի վեր այս գաղափարը պարբերաբար կը դրուի շրջանառութեան մէջ, յատկապէս Ռուսիոյ կողմէ, բայց ցարդ չէ իրագործուած:
- Արցախի կարգավիճակը. «Հայաստանի ու Ստեփանակերտի պահանջը պետականութիւնն է: Ատրպէյճան լաւագոյն պարագային պատրաստ է Ղարաբաղին ինքնակառավարում առաջարկել՝ իր կազմին մէջ», կը նշեն փորձագէտները՝ աւելցելով, որ դիրքորոշումները շատ հեռու են իրարմէ, սակայն կան յառաջընթացի նախանշաններ: «Ատրպէյճանի մէջ բարձրաստիճան պաշտօնատարները սկսած են ուսումնասիրել, թէ ինչի կը յանգեցնէ Ղարաբաղին ինքնավարութեան տրամադրելը եւ ինչպէս կարելի է հանրաքուէ կազմակերպել կարգավիճակին շուրջ: Ճիշդ է, որ անոնց պատկերացումները շատ հեռու են Երեւանի կամ Ստեփանակերտի համար ընդունելի լուծումներէն, բայց կրնան հիմք ստեղծել հարցը քննարկելու համար», կ՛եզրակացնէ զեկոյցը: