ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յունուար-Սեպտեմբեր 2019ին Հայաստանի ներքին զբօսաշրջութեան աճը եղած է 45.7 տոկոս:
Հայաստանի ազգային վիճակագրական կոմիտէին տուեալներուն համաձայն՝ 2018ի Յունուար-Սեպտեմբերին, ներքին զբօսաշրջութիւն կատարողներուն թիւը եղած է 964 հազար 656, 2019ի նոյն ժամանակաշրջանին՝ 1 միլիոն 405 հազար 398:
Այցելութիւններուն գերակշիռ մասը հանգիստի եւ ժամանցի յատկացուած է՝ 2019ի Յունուար-Սեպտեմբերին կազմելով 1 միլիոն 29 հազար 712: Երկրորդ տեղը կը գրաւեն գործնական այցելութիւնները՝ 237 հազար 769, երրորդ՝ բուժման նպատակով այցելութիւնները՝ 49 հազար 85: