ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ 23 Դեկտեմբերին տեղի ունեցան քաղաքական խորհրդակցութիւններ՝ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ՝ համաեւրոպական քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան նիւթերու շուրջ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Եւրոպայի վարչութեան պետ Տիգրան Սամուէլեան։ Ռուսիոյ կողմէ խորհրդակցութիւնները վարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Համաեւրոպական համագործակցութեան վարչութեան պետ Նիքոլա Քոպրինեց:
Խորհրդակցութիւններուն ընթացքին քննարկուեցան փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը թեմաներ, մասնաւորապէս՝ Հայաստան-Ռուսիա համագործակցութիւնը համաեւրոպական քաղաքականութեան եւ եւրոպական անվտանգութեան պարունակին մէջ։
Կողմերը կարեւոր նկատեցին նման հանդիպումներու եւ քննարկումներու պարբերական իրականացումը: