ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի տիկին Նունէ Սարգսեանին յանձնուեցաւ «Հայկական Փի. Ար.» ընկերութեան «Տարուայ կին» մրցանակը:
Ընկերութեան նախագահ Աստղիկ Աւետիսեան շնորհաւորեց տիկին Սարգսեանը եւ անոր փոխանցեց խորհրդանշական արձանը ու պատուոյ գիրը:
Հանդիպման ընթացքին տեղեկութիւններ փոխանցուեցան նշեալ կազմակերպութեան գործունէութեան, ինչպէս նաեւ մրցանակաբաշխութեան եւ մրցանակակիրներու ճշդման գործընթացին մասին: Աստղիկ Աւետիսեան յայտնեց, թէ կատարուած հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ հասարակութիւնը կը գնահատէ Հանրապետութեան նախագահի տիկնոջ գործունէութիւնը, յատկապէս հաշմանդամութիւն եւ օթիզմ ունեցող երեխաներուն նկատմամբ անոր կողմէ ցուցաբերուող մնայուն ուշադրութիւնը:
Նունէ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց մրցանակին համար: Ան կարեւոր նկատեց ընկերակցութեան գործունէութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց տարուող մասնագիտական աշխատանքին: