ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի ծանրամարտի հաւաքականի անդամները դարձեալ մետալներ նուաճած են աշխարհի բաժակի մրցաշարքի ընթացքին:
Արդարեւ, Քաթարի մէջ ընթացող տարեվերջի մրցաշարքի ծիրէն ներս, գերծանր դասակարգի երկամարտին մէջ մէջ Գոռ Մինասեանը 424 քլկ. արդիւնքով, Դեկտեմբեր 24ին դարձած է մրցաշարի ախոյեան, մինչ հաւաքականի այլ անդամ մը՝ Ռուբէն Ալեքսանեան 416 քլկ. բարձրացնելով դարձած է արծաթէ մետալակիր: