ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Քրիստոնէական այս համոզումով մեր աչքերը կը յառենք իւրաքանչիւր նոր տարուան արեւածագին եւ ամէն ինչ նորոգուած տեսնելու յոյսով խոր փոսի մէջ կը թաղենք հինը, խանդավառութեամբ դիմաւորելով նորը:
Ո՞վ ըսաւ որ հինը լաւ չէր: Իւրաքանչիւր մարդ անհատ կը բաւէ որ միայն իր ծննդեան թուականը վերյիշէ, գիտակցելու, որ «այդ հինը» լաւ էր, որովհետեւ անիկա իր գոյութեան հէնքն իսկ է: Այդ հինին հետ միազանգուած է ինք իր էութեան բոլոր բջիջներով, եւ այդ հինին յիշատակը անթառամ պահելու համար, ի՛նք կամ իր հարազատներն ու բարեկամները իւրաքանչիւր տարեդարձի առիթը յիշարժան տօնախմբութեան կը վերածեն, քաղցրաւէնեօք եւ մոմեղինօք: Ուրեմն, մեր կամքէն անկախ, մենք մեր ոտքերը խրած ենք անցեալին մէջ, թէպէտ անցեալ թուականներուն առջեւ անզգալաբար «հին» բառը կը դնենք:
Թեթեւ քննութեան ենթարկելով Ամանորին ինչութիւնը՝ կը տեսնենք որ իսկական հինցողը մենք ենք եւ ո՛չ թէ անցած տարին, որ թուահամարի փոփոխութեամբ ձեւականօրէն միայն իր շրջազգեստը կը փոխէ մեր աչքերուն առջեւ, առյաւէտ ուրանալով իր նախկին ինքնութիւնը ու անյետադարձ ընթացքով կը շարժի դէպի յառաջ:
Մենք՝ հինցողներս, դէպի յառաջ շարժող տարիներու կարաւանէն դուրս չմնալու համար, ամէն ճիգ ի գործ կը դնենք՝ հասնելու շարասիւնին, բռնելու համար անոր ուղտերուն եթէ ոչ սանձէն, գէթ պոչէն, երբ կը տեսնենք մանաւանդ անոնց ահեղավազ ընթացքը:
Արհեստագիտութեան բերած ներկայ յառաջդիմական դարուն, տարեց անձերու մօտ երեւցող հետեւողական դանդաղ քայլերը՝ համակարգչային ծրագիրներուն ծանօթութիւնը ձեռք բերելու, կը վկայեն այն մասին, թէ հին սերունդը եւս կը փորձէ իր կարելին ընել, սրընթաց աշխարհի վիզին փաթթուելու, ժամանակի կարաւանէն դուրս չմնալու խոր փափաքով: Բջիջային հեռաձայններու փոքր լուսապաստառին սեւեռուած անոնց տկարացած տեսողութիւնը եւ կնճռոտած ձեռքերու դողացող մատներուն հպումը լուսապակիին, երբեմն բարացուցիչ են վերը արտայայտած մեր գաղափարին:
Հետեւեալ հաստատումը բնական հետեւութիւնը պիտի ըլլայ մեր վերոնշեալ մտածումներուն. «Մարդ էակը որքան ալ հիննայ, դարձեալ հետամուտ պիտի ըլլայ ընդհանրապէս «նոր»ին եւ մասնաւորապէս այն բանին՝ ինչ որ «նորութիւն» կը համարէ այս կեանքին մէջ, սկսեալ Նոր Տարիէն»: Սակայն բոլորս ալ չե՞նք գիտեր միթէ, որ այս արեւին տակ նորութիւն չկայ: Մա՛րդն է Աստուծոյ ստեղծագործութեան շարունակողը, Անկէ ստացած իր մեծ շնորհքով՝ բանականութեամբ: Այն բոլոր իրագործումները, զորս մարդ արարածը կը կատարէ իր ապրած օրերուն ընթացքին, Աստուծմէ ստացած շնորհքներուն հետեւանքով կը մարմնաւորուին, մարդկութեան բարիքին ծառայելով: Սակայն անոնք բառին բովանդակ իմաստով չենք կրնար նորութիւն համարել: Իսկական նորութիւնը միայն Աստուած կրնայ բերել մեր կեանքին մէջ:
Բայց ի՞նչ է իսկական նորութիւնը, եթէ մեծ իրագործումները կամ խոշոր գիւտերն իսկ, զորս մարդիկ կը կատարեն արհեստագիտութեան, բժշկութեան, ճարտարապետութեան եւ այլ բնագաւառներու կամ մշակութային ստեղծագործութիւններու ոլորտին մէջ՝ մասնաւոր նորութիւն չեն համարուիր…
Իսկական նորութիւնները մարդուն ներսիդին՝ անոր հոգիին մէջ եւ հոգեղէն աշխարհին ազդեցութեամբ իրականացուող նորութիւններն են: Մնացեալ բոլոր նորութիւնները ժամանակի ու քաղաքակրթութեան զարգացման հետ, մարդու յառաջդիմութեան միջոցաւ տեղի ունեցող «սովորական» նորութիւններ են:
Մտածե՞ր էք, որ մեղաւոր մէկ մարդու դարձը ո՛չ միայն աւելի մեծ, այլեւ անհամեմատելիօրէն տարբեր բնոյթի նորութիւն է, քան աշխարհի բազմատեսակ գիւտերը… Մէկ մեղաւորի դարձին համար, ինչպէս Յիսուս կը հաւաստիացնէ, ուրախութիւն պիտի ըլլայ երկինքի մէջ… (Հմմտ. Ղկ 15.7): Նման երեւոյթներն են իսկական նորութիւնները, որոնք մարդկութեան կեանքին մէջ փոփոխութիւն կը յառաջացնեն: Պատկերացուցէք որ իւրաքանչիւր Նոր Տարուան հետ, նման նորութիւններ յայտնուէին մարդկութեան կեանքին մէջ… Ինչպիսի՞ վայրի մը կը վերածուէր այս աշխարհը արդեօք տարուէ տարի…
Խաղաղութիւնը իբրեւ սոսկ գաղափար ինչպէ՞ս կրնայ գոյութեան գալ այս աշխարհին մէջ, երբ գող ու վաշխառու, աւազակ ու ոճրագործ, պատերազմի ախորժակով միշտ սովատանջ կամ արեան ծարաւի մարդոցմով լեցուն են աշխարհի կեղտոտ փողոցները: Միւս կողմէ սոված ու ծարաւի, անօթեւան ու որբ, գաղթական ու հալածական թշուառներով լեցուն են աշխարհի սեւազգեստ մայթերը… Ինչպէ՞ս խաղաղութիւնը կրնայ մառախլապատ լեռներուն ետեւէն իր լուսաւոր դէմքը ցոյց տալ մեզի, երբ թնդանօթներու ծուխն ու վառօդի թունաւոր կազերը աւելի կը պղտորեն հորիզոնին տեսանելիութիւնը իրենց արհեստական մշուշապատումով: Խաղաղութիւնը՝ արդարութեան ծնունդ է, առանց որուն՝ անիկա անհիմն բառ ու բան է միայն:
Աւազակներէն, խռովարարներէն, դաւադիրներէն, դաւաճաններէն, շողոքորթներէն, քծնողներէն, երդմնազանցներէն, երկպառակութիւն ցանողներէն, բամբասողներէն, զրպարտողներէն, հայր ու մայր անիծողներէն, սրբապիղծներէն եւ Աստուծոյ հայհոյողներէն գէթ մէկ տոկոսին դարձով, խաղաղութեան ճանապարհին հիմնաքարը կը զետեղուի այս աշխարհի քարքարուտ փողոցներէն մէկուն խուլ անկիւնը, յոյս ներշնչելով համայն մարդկութեան, որ շուտով այս ճամբուն վրայ պիտի յայտնուի արդարութեան Դատաւորը:
Յայտնութեան գիրքին հեղինակը ա՛յս նորութեան կ՛ակնարկէ եւ ո՛չ թէ Նոր Տարուան կամ այս աշխարհին մէջ մեր հանդիպած «սովորական» նորութիւններուն, երբ կը բացատրէ նոր դարաշրջանին գալուստը, որ Աստուծոյ ընտրեալներուն համար վայելք ըլլալու սահմանուած հոգեղէն վերանորոգումն իսկ է: Այս կեանքէն դէպի իսկական կեանք փոխանցման մէջ կը տեսնէ ան բուն նորութիւնը, տխրութենէն ուրախութիւն անցումի գերերջանիկ պահուան առթած զգացման նմանութեամբ, երբ կ՛ըսէ, թէ գահին վրայ Նստողը պիտի յայտարարէ. «Ահա ամէն ինչ նոր պիտի դարձնեմ» (Հմմտ. Յյտ. 21.5):
Երանի՜ անոր որ կը հաւատայ ա՛յս նորութեան, որովհետեւ այն բոլոր տրտմութիւնները, սուգն ու արցունքը, ցաւն ու մահը, հալածանքն ու պատերազմները, որոնք հին տարուան մէջ էին, դժբախտաբար որոշ չափով պիտի ժառանգենք, ինչքան ալ թուականի փոփոխութիւն տեղի ունենայ օրացուցային մշտաշարժ էջերուն մէջ: Սակայն ամէն բան նորացնելու ուժն Ունեցողը միայն կրնայ վերոյիշեալ յայտարարութիւնը կատարել, Իր գահին վրայ բազմած…
Բոլորս ալ բնական մղումով հետամուտ ենք նորութեանց ականատես դառնալու, մանաւանդ որ Նոր՝ 2020 տարուան սեմին կանգնած ենք: Անոր բերելիք նորութիւնները ո՛չ մէկ տարբերութիւն պիտի ունենան այն նորութիւններէն, զորս իր շալակին առած մեզի բերաւ 2019 տարին, եթէ մեր հոգիին մէջ իսկական նորութիւնը ընդունելու պատուհանը յօժարակամ չբանանք: Այս պատուհանէն է, որ մեր աղօթքները առ Աստուած կը վերառաքենք, որպէսզի ազնուացնէ բոլոր այն մարդոց սիրտերը, որոնք գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար արգելք կը հանդիսանան աշխարհի մէջ խաղաղութեան հաստատման: Խաղաղութիւն՝ մեր ընտանիքներուն մէջ, խաղաղութիւն՝ մեր ազգային կեանքին մէջ, խաղաղութիւն՝ պետութիւններուն մէջ եւ խաղաղութիւն՝ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ:
Նորին յոյսով լեցուինք, Նորոգողին ուժով զօրանանք, եւ նորութիւնը զգենալով՝ Նոր Տարուան բոլոր օրերուն խաղաղութեան սերմնացանները դառնանք: