ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Իսրայէլի մէջ ապրող քրիստոնեաներուն մասին վիճակագրական վերջին տուեալներուն համաձայն՝ երկրին մէջ կը բնակին 177,000 քրիստոնեաներ (ընդհանուր բնակչութեան 2 տոկոսը), որոնց 77.5 տոկոսը քրիստոնեայ արաբներ են։
Արաբ քրիստոնեաներուն 70 տոկոսը կը բնակի հիւսիսային Իսրայէլի մէջ, իսկ 13 տոկոսը՝ Հայֆայի, եւ 9 տոկոսը՝ Երուսաղէմի։