ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Վանայ լիճի տառեխ ձուկը, որ շատ յարգի ձուկ է եւ իւրայատուկ համ ունի, մեծ վտանգ կը դիմագրաւէ վերջերս լիճին մէջ յայտնուած խեցգետիններէն։
Մասնագէտներ դժգոհ են այն հանգամանքէն, որ կարգ մը անհեռատես անձեր որոշած են խեցգետին բուծանել ջրամբարի մը մէջ, որուն ջուրերը կը հոսին դէպի Վանայ լիճ։
Խեցգետինները, ուտելով տառեխի ձկնկիթները՝ լուրջ վտանգ կը սպառնան այդ ձկնատեսակի գոյութեան։