ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- 24 Դեկտեմբերին, Պոլսոյ 30րդ եղեռնադատ ատեանին մէջ տեղի ունեցաւ «Կեզի» զբօսայգիին ցոյցերուն վերաբերող դատավարութեան հերթական նիստը: 16 մեղադրեալներէն միայն մէկը՝ «Անատոլու Քիւլթիւր» հիմնարկի վարչութեան նախագահ Օսման Քաւալա բանտարկուած կը մնայ 790 օրերէ ի վեր:
10 Դեկտեմբերին, Եւրոպական մարդկային իրաւանց ատեանը (ԵՄԻԱ), քննելէ ետք Քաւալայի թղթածրարը՝ պահանջած էր, որ ան անյապաղ անպարտ հռչակուի եւ ազատ արձակուի:
Հակառակ անոր, որ թրքական դատարանը սկզբունքով պարտաւոր է ԵՄԻԱի վճիռներուն հնազանդելու, դատակազմը որոշեց այս մասին վերջնական որոշում տալու համար դիմում կատարել արդարադատութեան նախարարութեան:
Այս դիմումով, անգամ մը եւս կասկածելի կը դառնայ Թուրքիոյ դատական համակարգի անկախութիւնը: Քաւալայի իրաւապաշտպանները այս մասին ծանր մեղադրանքներ հնչեցուցին դատակազմի հասցէին, սակայն իրողութիւնը մնաց անփոփոխ եւ Քաւալա կամայական որոշումներով կը շարունակէ մնալ ճաղերու ետին:
Դատավարութեան յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ 28 Յունուարին: