ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիա ռազմական գործակցութեան համաձայնագիրով 17 միլիոն տոլար կը յատկացնէ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան։ Վրաստանի եւ Թուրքիոյ կառավարութիւններուն միջեւ ռազմական գործակցութեան մասին համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ Անգարայի եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարներ Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի եւ Հուլուսի Աքարի միջեւ տեղի ունեցած բանակցութիւններէն ետք:
Ղարիպաշվիլի շնորհակալութիւն յայտնեց Աքարին՝ Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան իրաւունքին ի նպաստ անոր դիրքորոշման համար, ան նաեւ դրուատեց Թուրքիոյ դերը՝ ՆԱԹՕ-Վրաստան կապերու սերտացման ջանքերուն մէջ։
Բանակցութիւններուն ընթացքին քննարկուեցան պաշտպանութեան ոլորտին մէջ Վրաստան-Թուրքիա գործակցութեան խորացման ուղիները։