ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- 26 Դեկտեմբերին, Վանայ լիճին մէջ, ապօրինի գաղթականներ տեղափոխող նաւ մը շրջեցաւ, որուն իբրեւ արդիւնք խեղդամահ եղան առնուազն 7 գաղթականներ. կարելի եղաւ փրկել 64 ուրիշներ: Դէպքը պատահեցաւ Պիթլիսի նահանգի ափամերձ շրջանին մէջ: Դէպքին վայրը ղրկուեցան մեծ թիւով փրկարարներ։ Կը նշուի, որ գաղթականները ապօրինի միջոցներով տեղեփոխող յանցագործները, ոստիկանական անցակէտէ մը խուսափելու համար, գաղթականները որոշած էին մաքսանենգել՝ տեղափոխելով զանոնք Վանայ լիճի վրայով:
Գաղթականներուն մէջ կային Փաքիստանէն, Պանկլատեշէն եւ Աֆղանիստանէն քաղաքացիներ: