ԺԻՐԱՅՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Շաբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2019ին պետական բացումը կատարուեցաւ Հալէպի Թիլէլ շրջանին մէջ գտնուող Մայր Օգնութեանց հայ կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցւոյ: Եկեղեցոյ մուտքը զարդարուած էր սուրիական եւ կաթողիկէ համայնքի դրօշներով ու շնորհաւորական ծաղկեկողովներով, ինչպէս նաեւ պետական մարմիններու առաքած շնորհաւորագիրներով:
Կաթողիկէ եկեղեցւոյ սկաուտական փողերախումբի կատարումով հնչեց Սուրիոյ քայլերգը, ապա վերանորոգման յուշաքարին բացումը կատարուեցաւ:
Բացման հանդիսութեան ներկայ էին Պաաս կուսակցութեան ներկայացուցիչներ, Հանրապետութեան Մուֆթի տոքթ. Պատրըտտին Ահմատ Հասուն, Ֆրանսիս պապին ներկայացուցիչը, Սուրիոյ մօտ դեսպան քահանայապետ Մարիօ Զենեալի կարտինալը, հայ համայնքապետներ, մահմետական կրօնապետներ, Հալէպի նահանգապետը, Հալէպի մօտ Հայաստանի գլլաւոր հիւպատոսը, զինուորականեր, մամլոյ ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներ:
Բացման խօսքով Բերիոյ թեմի կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեան լուսարձակի տակ առաւ եկեղեցւոյ հնամեայ պատմութիւնը, պատերազմին ընթացքին կրած վնասները եւ վերանորոգման աշխատանքներուն ընթացքը: Ապա համայնքապետը շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ նախագահ տոքթ. Պաշշար Հաֆեզ ալ Ասատին՝ իր ներդրումին համար եւ բոլոր կազմակերպութիւններուն ու անհատ բարերարներուն, որոնց նուիրեալ ներդրումով եկեղեցին վերաբացուեցաւ: Պետրոս արք. Միրիաթեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Հալէպի պետական պատասխանատու մարմիներուն, որոնք դիւրացուցին շինարարական աշխատանքները:
Հոգեւոր շարք մը երգերով հանդէս եկաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի աշակերտական երգչախումբը, գեղ. ղեկավարութեամբ Շատի Նաճճարի:
Թարգմանաբար արաբերէնի ընթերցուեցաւ Ֆրանսիս պապին նամակը եւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. պատրիարք-կաթողիկոսին երախտիքի խօսքը: Եկեղեցւոյ դպրաց դասուն կողմէ հայերէնով հնչեցին Աստուածամօր նուիրուած շարականներ:
Արաբական պատկերասփիւռի թղթակիցները հմայուած կը դիտէին եկեղեցւոյ կամարները, սպասները, որոնք առաստաղէն թափանցող արեւի ճառագայթներուն փայլքով ազդեցիկ տեսք մը ստացած էին, քարերը կը խօսէին վերանորոգուող կեանքի մասին:
Հալէպի գլխաւոր Մուֆթի տոքթ. Մահմուտ Աքքամ իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ հաւատքի կարեւորութեան վրայ՝ վստահեցնելով, որ հաւատքի ուժով վերաշինուած են բոլոր սրբավայրերը, ըլլան անոնք եկեղեցիներ կամ մզկիթներ եւ կոչ ուղղեց Սուրիոյ ժողովուրդին Սուրիոյ մէջ թէ դուրս, որ վերադառնան իրենց հայրենիքը եւ աղօթեն իրենց մայր հողին վրայ կառուցուած սրբավայրերուն մէջ, որովհետեւ ժողովուրդն է, որ կը ծառայէ եկեղեցիին եւ մզկիթին, առանց ժողովուրդին անոնք պարզապէս քարաշէն կառոյց մը կը դառնան: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհաւորեց ժողովուրդին վերադարձը դէպի իր եկեղեցին եւ ըսաւ, որ մենք սրտով ձեզի հետ ենք, կը յուսանք, որ Սուրիոյ բոլոր համայնքներուն զաւակները վերադառնան իրեց տուները:
Հուսկ, երախտագիտութեան իր խօսքը արտասանեց Սուրիոյ Հանրապետութեան Մուֆթի տոքթ. Պատրըտին Ահմատ Հասուն, որ վեր առաւ զոյգ կրօնքներուն մէջ տեղ գտած միմիանց հանդէպ սէրն ու յարգանքը։
Աւարտին ան փոխանցեց Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահին ողջոյնը եւ իր խօսքը աւարտեց ներկաները հրաւիրելով մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու Սուրիոյ բոլոր նահատակներուն յիշատակը:
Աւարտին Պետրոս արք. Միրիաթեան եկեղեցւոյ քանդուած առաստաղէն առնուած փայտերով պատրաստուած յուշանուէր մը փոխանցեց Սուրիոյ նախագահին:
Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, որոնք ընդառաջեցին համայնքի հրաւէրին:
Հանդիսութեան յաջորդեց ճաշկերոյթը, որ տեղի ունեցաւ «Սարդարապատ» սրահին մէջ: