Հայ Կրթական հիմնարկութեան 75ամեակի տօնակատարութիւնը տեղի պիտի ունենայ 7 Սեպտեմբերին, Պեվըրլի Հիլզի Beverly Hilton պանդոկի սրահին մէջ, ի մի բերելով կազմակերպութեան զօրակիցները, համակիրները եւ համայնքային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները։
Տօնակատարութեան ընթացքին լուսարձակի տակ պիտի առնուի հայ ուսանողներու նեցուկ կանգնող սոյն կազմակերպութեան գործունէութիւնը եւ ապագայ ծրագիրները ու տեղի պիտի ունենան մեծարումներ։
Հայ Կրթական հիմնարկութիւնը հաստատուած է 1950ին, կրթական սպասարկութիւններ տրամադրելու համար հայ ուսանողներու եւ կրթական հաստատութիւններու՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարածքին: Հիմնարկութեան գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել www.aefweb.org կայքը: