
ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Որոշեր եմ այսօր ուրախ բաներու մասին գրել:
Որոշելը դիւրին է, սակայն իրականութեան հետ դէմ յանդիման կանգնիլը՝ ուրիշ բան:
Հիմա, տանս մէջ, մութին նստած, ինչի՞ կամ որո՞ւ մասին գրեմ որ ուրախացնեմ շուրջիններս:
Թերեւս նկարագրեմ, թէ նորվեկիացիները ինչպէ՞ս կը դիմաւորեն Ամանորը, կամ հաւատացեալ քրիստոնեաները ինչպիսի՜ ինքնամոռաց երջանկութեամբ կը հաւաքուին Վատիկանի հրապարակը՝ խորին ակնածանքով ունկնդրելու Ֆրանսիս պապին Սուրբ Ծննդեան պատգամը, որուն մէջ անպայման կը յիշուին նաեւ աղէտեալ Սուրիան եւ տառապեալ սուրիացիները, որոնց շարքին Սուրիոյ քրիստոնեաներն ու անոնց մասնիկ հայերը:
Պապին պատգամը եթէ երկրի ղեկավարները գործադրէին, անոր աղօթքները եթէ երկնաւորը լսէր, հիմա սուրիացիները երկրագունդի երջանիկներու շարքին գտնուած կ՛ըլլային, մինչ հիմա, երեկոյեան այս պահուն, ամբողջ Սուրիան կը մսի, կը մսի ո՛չ միայն քաղաքներէն դուրս՝ վրաններու տակ, այլ նաեւ քաղաքներուն մէջ, որովհետեւ եթէ փողոցը ցուրտ է, նոյնքան եւ աւելի պաղ է տան մէջ, որովհետեւ ելեկտրականութիւն չկայ՝ օրական տասը ժամ հազիւ կ՛ունենանք այդ երանելի հոսանքը, մնացած ժամանակ, դարձեալ պիտի դիմենք ելեկտարածին շարժիչներուն, մէկ ամփէրի դիմաց շաբաթական վճարելով 1500 սուրիական լիրա, իսկ մէկ ամփէրը միայն քանի մը ժամ աղօտ լոյս կրնայ տալ քեզի, երկու ամփէրն ալ չի կրնար տաքցնել ընտանիքիդ անդամները, երեք ամփէրը տանդ քանի մը մեթրը կը ջերմացնէ միայն, քեզմէ խլելով ամսական աշխատավարձիդ կէսէն աւելին: Եթէ մազօթի վառարան ունիս, օրուայ ընթացքին մէկ-երկու ժամ տաքութեան վայելքը ըմբոշխնելով մէկ ամիս ջերմութեան պարգեւած երջանկութեամբ կը լիանաս, չէ՞ որ պետութիւնը իւրաքանչիւր ընտանիքի հարիւր լիթր մազօթ ծախած է իր սակագինով, հետն ալ հարիւր լիթրի շռայլ խոստում մը տուած է, որուն իրագործումը այնքան ալ երաշխաւորուած չէ, եթէ նկատի ունենանք, որ շատ մը թաղամասեր տակաւին առաջին քանակը գնելու բախտին չեն արժանացած:

Համաձայնեցէ՛ք հետս, որ ցուրտն ու մթութիւնը կրկնակի անտանելի կը դառնան երբ մտաբերենք, որ շուտով Նոր Տարին մեր դռները պիտի բախէ…
Կինդ արդէն քանի մը անգամ քրոջ հետ, դրացուհիին հետ, ընկերուհիներուն հետ շուկան չափչփեր է, շատ լաւ գիտէ, թէ ո՛ւր, ի՛նչ կը ծախուի, աչքը արդէն վարժուեր է գիներու մեծ թիւերուն, միտքն ալ մոռնալով բոլորը իրար վրայ գումարել, կամ ալ գումարումի արդիւնքի ահռելիութենէն խուսափելով եւ մոռնալով, որ թէեւ դեռ ամիսը կէսը հազիւ բոլորած, քո՛ւ ալ, ի՛ր ալ աշխատավարձերէն բան չէ մնացած, ամէն օր կ՛ակնկալէ, որ ըսես.
– Կնի՛կ, վաղը ազատ եմ, երթանք նոր տարուան գնումները ընենք…
Նոր տարուան գնումներ… Կը յիշե՞ս… ո՞վ չի յիշեր, ինչե՜ր կը գնէիք, ի՜նչ նուէրներ՝ եղբօրորդիներուդ, քենիներուդ, քոյրերուդ, եղբայրներուդ, հօրդ, մօրդ, բոլորին, առանձին-առանձին, կնոջդ քիչէն շատէն ոսկեղէն մը… մօտիկ հարազատներդ ալ նոյն ձեւով կը վերաբերէին քեզի, ու այս բոլորը Կաղանդ պապան ուսը առնելով, նոր տարուան գիշերը կը բերէր ձեր կամ ձեզմէ մէկուն տունը, ուր բոլորդ հաւաքուած կ՛ըլլայիք…
Հիմա՞… հարազատներէդ ո՞վ մնացեր է. աւելի լաւ է չհարցնես, մէկը Աւստարալիա գաղթեր է, միւսը՝ Գանատա, Հոլանտա, Գերմանիա, լաւ որ մէկն ալ՝ Հայաստան… Հիմա որո՞ւ նուէր պիտի առնես, միմիայն կնոջդ եւ զաւակիդ. գոնէ Հայաստան գացող մը ըլլար, մէկ քիլօ Հալէպի փախլաւա ղրկէիր քրոջդ, ինք ալ թող ուրախանար, դուն ալ… Ճիշդ է, կ՛ըսեն Հայաստանի ամանօրեայ սեղանները շատ ճոխ կ՛ըլլան, բայց Հալէպի փախլաւան ուրիշ է…
Է՞, որո՞ւն հետ Կաղանդ պիտի տօնես, միայն փոքր աղջիկդ քովդ է, տղաքդ ղրկած ես երկրէն, որպէսզի դրացիիդ տղուն պէս ութը տարի զինուորութիւն չընէ՝ առանց գիտնալու, թէ երբ պիտի արձակուի…
Հին, լաւ օրերը անցան, գացին, եւ եթէ այդ օրերը որպէս ուրախ ժամանակներ ուզեմ ներկայացնել, միմիայն յիշողութեան մէջ պիտի գտնեմ, եւ զանոնք վերագտնելու յոյսերս պիտի չարդարանան:
Ամէնէն լաւը Կաղանդի գիշերը տունը կ՛անցընես, քանի մը տեսակ համով ճաշ կը պատրաստէ կինդ, ուզածին չափ քաղցրեղէն, չէ՞ որ Քրասնոտարի հայերու սուրիացիներուն նուիրած 80 թոն ալիւրէն քեզի ալ բաժին ինկած է:
Ուրախանալու փոխարէն, տխրելու պատճառները շատ-շատ են. փողոց կ՛ելլեմ, որպէսզի տուներու եւ խանութներու զարդարանքները դիտելով ուրախանամ, այդ ալ չեմ գտներ, այնքան քիչ են, որ այս տարի, «Նոր Սերունդ»ի Կաղանդի ծառն ալ տակաւին չեն դրած Ազիզիէի հրապարակին վրայ, որպէսզի գոնէ անոր առջեւ լայն ժպիտը դէմքիս նկարուիմ եւ հոս-հոն ղրկեմ՝ ի նշան անհոգ ուրախութեան…
Խանութներուն մէջ ալ յաճախորդները չեն վխտար, միմիայն անոնց ապակեայ փեղկերուն առջեւ մարդիկ կան, անոնք ալ հաւանաբար այս տարի դիտելով պիտի բաւարարուին:
– Բացարձակապէս ուրախութեան որեւէ պատճառ չկա՞յ հալէպցիներուն համար,-պիտի հարցնեն ոմանք:
Կա՛յ: Եթէ Ամերիկեան սենատի ընդունած որոշումով ուրախանալու ըլլանք՝ կա՛յ: Եթէ Երեւանի Կաղանդի ծառով ուրախանալու ըլլանք՝ կա՛յ, Պոլսոյ պատրիարքի ընտրութեամբ ցնծութիւն ապրի՛նք՝ կայ, բայց…
Բայցերը այնքան շատ են որ… կը կարծէք որ Գամիշլիով չե՞նք մտահոգուիր, Լիբանանի անկայուն վիճակը մեզ չի՞ յուզեր… Այս շրջանները անմիջական կապ ունին մեզի հետ, մանաւանդ տնտեսական առումով, եւ եթէ ամերիկեան մէկ տոլարի փոխարժէքը այսօր 850 սուրիական լիրա է, ուստի եւ մեր ամսականները 30-40-50 տոլարի սահմաններուն մէջ կը տարուբերին, ապա նաեւ ասիկա տարածաշրջանին մէջ տիրող անորոշ վիճակին հետ ալ կապ ունի:
Ուրեմն ուրախութեան որեւէ նշոյլ չկա՞յ:
Կա՛յ. մեր դպրոցներուն կազմակերպած Կաղանդի հաւաքոյթները, որոնք սրահներու մէջ իրապէս ուրախ քանի մը ժամ կը պարգեւեն մեր փոքրիկներուն, մեր միութիւններն ալ կը կազմակերպեն նման հաւաքոյթներ, փոքրիկներունը դարձեալ ուրախ կ՛անցնի, իսկ մեծերու համար կազմակերպուած պարահանդէսնե՞րը, շատ ալ վստահ չեմ, որ այդ երեկոյթներուն բոլոր ներկայ գտնուողները ուրախ պիտի ըլլան, որովհետեւ ներկաներուն մէջ պիտի գտնուին մարդիկ, որոնք այդ սուղ հաճոյքը վայելելու համար պարտքի դրամ պիտի գտնեն, ոմանք CARITAS-էն ստանալիք նպաստին վրայ քիչ մը պիտի աւելցնեն, որպէսզի կարենան 10-15 հազարնոց երկու երեք տոմս գնել, եւ ով գիտէ, թէ ի՛նչ պիտի ընեն նոր յոյսերով սպասուած 2020ի առաջին ամսուան ընթացքին:
Ուրի՞շ, ուրիշ բան չկա՞յ ուրախանալու. Հայ Կաթողիկէ Ամենայն Օգնութեանց 170ամեայ Աթոռանիստ եկեղեցւոյ վերականգնումն ու վերաօծումը ուրախալի չե՞ն:
Ուրախալի են, բայց եթէ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պապին աղօթքները չեն օգներ մեզի, Աստուծոյ ուղղուած մեր կղերին խնդրանքնե՞րը պիտի օգնեն:
Այնպէս որ, կը ներէք, բայց, արժանապատիւ հայրեր եւ սրբազնագոյն պապ Ֆրանսիս, ի զուր մի՛ աղօթէք մեզի համար:
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Ս. Ծնունդ
Merry Christmas and Happy New Year
With the Compliments of
Kolanjian Brothers
SARKIS PASTRY
Three Locations to serve you
1111 S. Glendale Ave.
Glendale, CA
818-956-6636
1776 E. Washington Blvd.
Pasadena, CA
626-398-3999
2424 Ball Road, Anaheim, CA
714-995-6663
ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ
ՀՅԴ «Դրօ» Կոմիտէութիւն,
Ս. Խաչ Մայր Տաճարի
Հոգեւոր Հովիւ ու Հոգաբարձութիւն,
Մեսրոպեան Ազգ. Վարժարան,
ՀՕՄի «Նայիրի» Մասնաճիւղ,
ՀՄԸՄի Մոնթեպելլոյի Մասնաճիւղ,
ՀԵԴ «Վահան Գարտաշեան» Ուխտ,
ՀՅԴ «Վահան Գարտաշեան»
Պատանեկան Միութիւն
Թեւակոխենք 2020 Նոր Տարին
Անխոնջ Աշխատելով Իրագործելու՝
Պահանջատէր Հայութեան
Անկատար Տենչերը