ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ
«Ազգ», «ազգային նկարագիր» բառերը վերջերս կը մրճահարեն հայ մամուլին էջերը եւ հայ հասարակութեան միտքերը: Մէ՛կ ազգ ենք, գիտե՛նք, բայց աշխարհագրական եւ պատմական տուեալներու բերումով, յաճախ մէկ ազգի պէս չենք մտածեր եւ գործեր: Հայրենի հողէն կտրուած սփիւռքահայուն համար մէկ ազգի պատկանելու գաղափարը իրեն հասած է յատկապէս գիրքերէն, թերթերէն եւ հանդէսներու ժամանակ տրուած բանախօսութիւններէն: Ջարդուած ազգի մը մնացորդներն էինք, եւ մեզի կատարուած ահաւո՛ր անարդարութիւնը մեզ կը միացնէր եւ աւելի՛ «կ՛ազգացնէր» կարծես: Յարակարծիք է, բայց՝ իրա՛ւ… օսմանեան կայսրութեան տակ դարերով ապրած փոքրամասնութիւն մը կը նայէր դէպի ետեւ եւ կ՛ըսէր՝ «կորսնցուցինք Վանը, Մուշը, Այնթապը», եւ որպէսզի երեւակայութեամբ կազմուած հող ունենար «ոտքին տակ», ազգը ստեղծեց «Նոր Մարաշ», «Նոր Հաճըն» եւ «Նոր Այնթապ»: Ուրֆայի քեպապը իրարու միացուց ուրֆացիները, Մշմոշը՝ վանեցիները, Տապական՝ տիգրանակերտցիները եւ այսպէս՝ վերակազմուեցաւ «ազգը», համախմբուելով հի՜ն համերու եւ նիստուկացի կարօտով: Հայաստանի մէջ տարբեր էր պարագան. ազգի գաղափարը փոխարինուած էր բոլոր ազգերու եղբայրութեան գաղափարով, եւ սովետական վարչակարգը ահ ու սարսափ տարածած էր առանձին ազգի մասին մտածողներուն վրայ, զանոնք որակելով «ֆաշիստ ազգայնականներ». մասնատուած էր փոքրիկ Հայաստանը, եւ Արցախը եւ Նախիջեւանը տրուած էր Ատրպէյճանին, Ջաւախքը՝ Վրաստանին: Աղճատուած էր լեզուն. կամայական ձեւով «դիւրացուած էր». մեսրոպեան ուղղագրութիւնը փոխարինուած էր աբեղեանականով, որպէսզի կատարելանար ազգ գաղափարի անէացումը: Աստուած ա՛լ չկար եւ ո՛վ որ կը հաւատար անոր… «գիժ» կը համարուէր: Աղասի Այվազեան, իր «Մանչերը» գործին մէջ ակնարկած է այդ երեւոյթին. իր բեմական վէպին հերոսներէն մէկը՝ պիթլիսցի Կիւրեղը կը յիշէ, թէ ինչպէս մայրն ու քոյրերը Պիթլիսի եկեղեցւոյ մէջ մնացած են (պէտք է հասկնալ՝ սպաննուած կամ հրկիզուած): Ինք Երեւան հասնելէն ի վեր տեղւոյն եկեղեցւոյ զանգակները կը զարնէ, նոյնիսկ երբ համայնավարները գմբէթին խաչը հանած են ու կը սպառնան զինք խենթանոց տանիլ: Կ՛ըսէ. «Մնացին… Ժամին մէջ քնած մնացին: Ես զանգեր կու տայի, որ զարթնին… յետոյ բերեցին հոս… հոսէն Պիթլիս զանգը կը հասնի՞»:
Բայց ինչպէս ամէն բռնատիրութեան տակ՝ Խորհրդային Հայաստանի ժողովուրդն ու իր մտաւորականները գաղտնի ու ոլորապտոյտ ձեւերով կը սնուցանէին առանձին նկարագիր եւ կրօնք ունեցող ազգի գաղափարը: Սերօ Խանզադեանի «Մխիթար Սպարապետ»ը կամ Պերճ Զէյթունցեանի «Արշակ Բ.»ը պատմական վէպեր էին, եւ մենք Պէյրութի մէջ կը կարդայինք զանոնք արեւելահայերէնով եւ աբեղեանական ուղղագրութեամբ… (այս հարցին մասին՝ քիչ ետք): Այդ վէպերը՝ երեւութապէս «անմեղ», կը խօսէին ոտքին տակ եղող հողէն եւ անոր իւրաքանչիւր թիզը պաշտպանելու համար մաքառող սպարապետէն կամ թագաւորէն: Հողի եւ ազգի գաղափարը, ուրեմն՝ սփիւռքահայուն կու գար նաե՛ւ հայրենիքի մէջ տպուող գիրքերէն եւ կը կերտէր ազգային ջիղ ու ոգի. մինչ Հայաստանի բնակիչները ձեռքէ ձեռք կ՛անցընէին այս գործերը եւ ձմրան ցուրտ օրերուն, իրենց վառարաններուն շուրջ հաւաքուած՝ մէյ-մէկ գաղտնի սպարապետ ու թագաւոր կը պահէին իրենց հոգիներուն խորքը: Գալշոյեանը՝ իր «Ձորի Միրօ»ով, Դաշտենցը՝ իր «Ռանչպարներու Կանչով», Ադալեանը իր «Կապոյտ Երզնկա»ով ու դեռ շա՜տ ուրիշներ, իրենց գրիչով թօթափեցին ապազգային ձորձերը եւ փոխարինեցին զանոնք հայրենիքի մը շողշողուն հանդերձներով:
Անոնց գործերէն կ՛արտացոլար ազգային նկարագիրը. գոնէ ան, որուն կը ձգտէին հեղինակները:
Բայց ի՞նչ է ան: Ազգի մը նկարագիրը ինչպէ՞ս կը հաստատուի եւ կը բնորոշուի: Երկա՜ր ուսումնասիրութիւններ կարելի է կատարել այս նիւթին շուրջ: Ոմանք համոզուած են, թէ ազգը շինծու յղացք է, ու կը հաւատան, թէ պէտք է ապակառուցել զայն. նոյն տրամաբանութեամբ՝ ազգային նկարագիրն ալ շինծու բան մըն է: Այս կարճ գրութիւնը կը յղուի մինչեւ հիմա գոյութիւն ունեցող հաւատամքին, ըստ որուն ազգերը կազմուած են ժամանակի ընթացքին նոյն վայրին մէջ միասին ապրելով ու դիմակալելով կլիմայական թէ դրացիական գրոհները եւ այլ ազգերէ կրնան տարբերիլ իրենց նկարագիրով: Հայ ազգի անդամները իրենք զիրենք կը ներկայացնեն որպէս խելացի, աշխատասէր, հիւրասէր, արհեստավարժ եւ արուեստագէտ: Ըստ իրենց՝ հայը մշակոյթի ժողովուրդ է. ըստ ուրիշներու՝ ճարպիկ վաճառականներու եւ ձեռներեց մարդոց հաւաքականութիւն մը:
Հարցը այն է, որ աշխարհով մէկ սփռուած հայութիւնը ունեցած է հայաստանաբնակ հայութենէն տարբեր փորձառութիւններ: Ապրած է ազատութեան մէջ եւ շփուած է Արեւելքի եւ Արեւմուտքի մշակոյթներուն հետ: Եկեղեցին եղած է մշակոյթի կարեւոր ցուցիչներէն մէկը, բայց ո՛չ՝ ամէնէն կարեւորը: Լեւոն Շանթ չէր հաւատար Աստուծոյ գոյութեան, եւ իր հիմնած դպրոցին մէջ եկեղեցւոյ դասապահ գոյութիւն չունէր. փոխարէնը՝ «Իլիական» եւ «Ոդիսական» գիրքերով կը զարգացնէինք մեր գիտութիւնը: Նուա՞զ ազգային նկարագիր ունինք այսօր, քան այն բոլոր սակաւապետները, որոնք գլուխները կախ, լուրջ դէմքերով, ամէն շաբաթ եկեղեցի կ՛երթան ու կ՛աղօթեն սեփական ազգը թալանած ըլլալու մեղքը քաւելու համար: Եթէ այսքան տարի կրօնքի դաս տրուեր է Հայաստանի կրթական հաստատութիւններէն ներս եւ արդիւնքը ա՛յս եղեր է՝ «ո՛չ. շնորհակալ ենք», կ՛ըսենք: Փաստօրէն, ազգային նկարագիրը չի բնորոշուիր եկեղեցւոյ պատմութեան յատկացուած դասերով:
Իսկ ընտանի՞քը: Այո՛. ընտանիքը մեծ դեր կը խաղայ հայ ժողովուրդի ազգային նկարագիրի կերտման մէջ: Ընտանիքի անդամները կը սիրեն զիրար. փոքրերը կը յարգեն մեծերը եւ կ՛օգնեն անոնց: Ընտանեկան հաւաքոյթները մեծ տեղ կը գրաւեն թէ՛ հայաշխարհի մէջ, թէ՛ Սփիւռքի մէջ. հիւրասիրութիւնը մաս կը կազմէ մեր նկարագիրին, այո՛, բայց… կին ծեծե՞լը, մայրը սպաննե՞լը, ծնողքը կողոպտե՞լը: Ասոնք երբուընէ՞ ի վեր ազգային նկարագիրի մաս կը կազմեն: Խաթարուած բան մը կայ ճի՛շդ հոն. ատիկա՛ պէտք է մտահոգէ մեզ եւ ո՛չ միասեռականներու կամ սեռազանցներու գոյութիւնը: Անոնք Աստուծոյ կամքով այդպէս ծնած են եւ զանոնք ազգէն դուրս շպրտել ուզողները, իրե՛նք Աստծոյ կամքին դէմ կ՛երթան. այդքա՛ն պարզ…
Վերոյիշեալ Ա. Այվազեանի «Մանչերը» գործը կը զբաղի նաեւ ա՛յս հարցով: Կարապետ հօր երեք տղոցմէ մէկը՝ Սուրէնը միասեռական է եւ բեմավէպի վերջաւորութեան կը սպաննուի նոյն ինքն Կարապետին կողմէ: Որքա՜ն խիզախ եղած է Ա. Այվազեան նրբօրէն արծարծելով այլամերժութեան հարցը եւ պահպանողական հասարակութիւնը զգաստութեան հրաւիրելով գրականութեան ճամբով: Ինչպէս կ՛երեւի, դեռ բազմաթի՜ւ Այվազեաններու պէտք ունի Հայաստանի հասարակութիւնը: Սփիւռքի մէջ ալ քիչ չեն պահպանողական տարրերը. ժամանակին մարդիկ կ՛ընդվզէին ի տես Վահէ Պէրպէրեանի ականջօղերուն. այսօր, զայն իրենց ուսերուն վրայ բարձած կը պտըտին… յուսատու այս նշանը ենթադրել կու տայ, որ ժամանակի անցումով հասարակութեան մը բոլո՛ր անդամները կարելի է ընդգրկել եւ յարգել, առանց զանոնք ապազգային նկատելու: Ամէն պարագայի, սփիւռքահայերը պիտի չուզէին, որ խաւարամտութեան ալիքները հասնէին մինչեւ այս ափերը եւ իրենց պարտադրուէր միասեռականութիւն-ապազգայնութիւն կամ՝ պահպանողական-ազգային հաւասարումներ:
Յստակ է ուրեմն, որ հակառակ ազգի այս կամ այն հատուածներու միջեւ կարգ մը նմանութիւններու գոյութեան՝ ան իրականութեան մէջ… մէ՛կ չէ: Տակաւի՛ն՝ հայու ազգային նկարագիրը բնորոշող լա՛ւ յատկանիշները սկսած ենք կորսնցնել: Մշակոյթի ազգ ըլլալէ դադրած ենք այն օրէն ի վեր, երբ ձգած ենք գիրքերն ու հայ գրողները իրենց ճակատագիրին: Չենք կարդար. հետեւաբար՝ չենք մտածեր: Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի, յարգելի բացառութիւնները՝ մէկ կողմ, համատարած հաճոյասիրութիւնը, ցուցամոլութիւնը եւ նիւթապաշտութիւնը կ՛աղաւաղեն ազգային նկարագիրը: Համաշխարհայնացման արդիւնք՝ մակերեսայնութիւնը, «սելֆի»ներով ինքնացուցադրութիւնը եւ տհասութիւնը արագօրէն կը տարածուին ամէն կողմ: Անոնցմէ չեն խուսափիր նոյնիսկ պետական այրերը եւ իրենց տիկինները:
Ի՞նչ ընել կարելի եղածին չափ մեղմացնելու դարուս հասցուցած վնասը եւ ուղղելու մե՛ր ազգին սրբագրելի թերութիւնները: Ստորեւ ներկայացուած գաղափարները անշո՛ւշտ որ ամբողջական լուծումի մը չեն կրնար յանգեցնել. անոնք կրնան նաեւ միամիտ եւ անտրամաբանական թուիլ ոմանց, բայց թերեւս ճամբայ բանան մտածումի եւ օգտակար ըլլան լուծումներ գտնելու աշխատանքի ծիրէն ներս:
ա.- Թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Սփիւռքի դպրոցներուն մէջ փոքր տարիքէն դաստիարակել պզտիկը, անկէ լա՛ւ մարդ եւ պարկե՛շտ քաղաքացի պատրաստելու համար: Ճիգ թափել վերացնելու կռուասիրութիւնը եւ աղջիկներու հանդէպ գոյութիւն ունեցող կարծրատիպ մտածողութիւնը, ինչպէս նաեւ այլ՝ «տղամարդու» վայել կարծրատիպեր: Այս գիծով գնահատելի է Հայաստանի կրթութեան նախարարութեան ծրագիրը:
բ.- Փոխանակ ուղեղալուացքի կշռոյթով ըսելու՝ «մենք բարձր մշակոյթի տէր ազգ ենք. մենք փայլուն ենք եւ խելացի» կամ՝ «մենք ունեցած ենք Յովհաննէս Թումանեան ու Կոմիտաս», առիթ ստեղծենք թէ՛ սփիւռքահայ, թէ՛ հայաստանահայ պզտիկներուն, անձա՛մբ պրպտելու արժէքաւոր գրագէտներու կամ երաժիշտներու գործերը եւ իրապէ՛ս ծանօթանալու ոչ միայն քանի մը շա՜տ նշանաւոր անձերու, այլ՝ ուրիշներու ալ: Այսօր, թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Սփիւռքի մէջ արժէքաւոր գրողներ կան. դժբախտաբար ծանօթ չենք իրենց գործերուն եւ կը յամենանք տասնիններորդ եւ քսաներորդ դարերու ափերուն: Իսկ երբ ծանօթ չենք, բնականաբար չենք կրնար նորոգել մեր աշակերտներուն գիտելիքները եւ իրենց սիրտերը հպարտութեամբ բաբախիլ տալ մե՛ր օրերու կշռոյթով:
գ.- Ժամ առաջ վերահաստատել մեսրոպեան ուղղագրութիւնը թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Սփիւռքի մէջ: Մէ՛կ եւ ճի՛շդ ուղղագրութեան կիրարկումը հիմնական գրաւականն է մէ՛կ ազգի ստեղծման եւ ամրապնդման:
դ.- Նոյնիսկ եթէ մեսրոպեան ուղղագրութեան ամբողջական հաստատումը ժամանակ պիտի առնէ, արեւելահայերէնի կողքին կարելի է հաստատել արեւմտահայերէնի դասեր Հայաստանի դպրոցներուն մէջ, հինգերորդ դասարանէն սկսեալ: Այդ ձեւով, հայաստանցի աշակերտը առիթը կ՛ունենայ տեսնելու մեսրոպեան ուղղագրութեամբ գրութիւններ եւ կարդալու արեւմտահայերէնով գրուած պատմուածքներ եւ վէպեր: Ինչպէս վերը կ՛ըսէի, մենք որ արեւմտահայերէն կը սորվէինք եւ մեսրոպեան ուղղագրութեան վարժուած էինք, շա՜տ դիւրութեամբ կը կարդայինք աբեղեանական ուղղագրութեամբ գրուած արեւելահայ վէպերը: Եթէ համոզուած ենք, որ հայը խելացի եւ փայլուն ժողովուրդ է, ապա՝ վստահ կրնանք ըլլալ, որ հայ աշակերտը կարողութիւնը ունի թէ՛ արեւելահայերէն, թէ՛ արեւմտահայերէն կարդալու: Աբեղեանական ուղղագրութեան վարժուած երեխան կամ չափահասը կրնա՛յ սորվիլ մեսրոպեան ուղղագրութիւնը, ինչպէս սորված է բարդ ռուսերէնը, ֆրանսերէնը կամ չինարէնը:
Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէն սորվող աշակերտները, թերեւս ուսումնական իրենց վերջին տարուան ընթացքին որոշեն խորացնել իրենց գիտութիւնը, մասնագիտանալով արեւմտահայ գրականութեան մէջ:
ե.- Նկատելի է, որ մանաւա՛նդ այս ժամանակաշրջանին, մարդիկ կ՛երկրպագեն գիտական ճիւղերուն: Թուաբանութիւն, երկրաչափութիւն, բնագիտութիւն, համակարգիչներու գիտութիւն… առաջին գիծին վրայ են: Քանի մը շաբաթ առաջ Հայաստանէն խումբ մը մանկավարժներ կը հպարտանային գիտական մարզին մէջ յաջողութիւն արձանագրած իրենց աշակերտներով եւ կ՛առաջադրէին աշխատանքային ճամբորդութիւններ կազմակերպել դէպի արտասահման, այդ աշակերտներուն իսկապէ՛ս փայլուն ապագայ մը ապահովելու հեռանկարով: Իսկ BBC-ի կայքէջին վրայ ուսումնասիրական յօդուած մը կը հաստատէր, թէ շատ գիրք կարդացող աղջիկները, որոնք թուաբանութեան մէջ շա՛տ փայլուն արդիւնքներ կը ձգեն, հետագային… այդ ճիւղը չեն ուսանիր տղոց պէս, որոնք նուազ գիրք կը կարդան. հետեւաբար, կ՛առաջարկուէր փորձել նուազ գիրք կարդալ տալ աղջիկներուն, յուսալով, որ անոնք օր մը գիտական ճիւղերու կը հետեւին…
Բայց ինչո՞ւ միայն կեդրոնանալ գիտականին վրայ: Ինչո՞ւ նոյնքան զարկ չտալ բանասիրական ճիւղերուն՝ մարդաբանութեան, պատմութեան, գրականութեան, հոգեբանութեան… այդ ճիւղե՛րը կրնան մարդ արարածը օժտել շրջահայեաց մտածումի կարողութեամբ, մանաւա՛նդ եթէ հիմնուած ըլլան քննական մտածելակերպի եւ ո՛չ՝ վարդապետական, կեղծ ազգայնականութեան մը վրայ: Անոնց շնորհիւ է, որ մարդիկ կը դառնան աւելի զգայուն իրենց շրջապատին նկատմամբ եւ աւելի խորունկ: Առանց թերագնահատելու գիտական ճիւղերու արժէքը, պէ՛տք է մտածել գիտական եւ բանասիրական ճիւղերու միջեւ հաւասարակշռութիւն մը պահելու մասին: Հայաստանի եւ Սփիւռքի ապագան փայլուն չ՛ըլլար, եթէ միայն համակարգիչի մասնագէտներ եւ գիտնականներ ըլլան ամէնուրէք: Առանց քննական պատմութեան, ազնուացնող եւ մարդկայնացնող գրականութեան, առանց մարդկային հակազդեցութիւնները պրպտող մարդաբանութեան մենք կը զրկուինք ազգային նկարագիր կերտող սնունդէ…
զ.- Սնունդը կու գայ մանաւա՛նդ ընթերցումէն: Թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Սփիւռքի տարածքին ամէ՛ն ձեւով պէտք է զարկ տալ ընթերցանութեան, որովհետեւ խաւարամտութիւնը, կռուազանութիւնը, խաբեբայութիւնը, եսակեդրոնութիւնը կը չքանան մանաւա՛նդ գիրքերէն բխող լոյսով:
Իսկ մեր ազգը, Սփիւռքէն մինչեւ Հայաստան, Հայաստանէն մինչեւ Արցախ՝ պէտք ունի մաքո՛ւր ու պայծառ, իր ժողովուրդի պատմութեան եւ լեզուին լաւատեղեակ, իրենինները սիրող, բայց միեւնոյն ատեն ուրիշը կամ տարբերը ընդունող ու յարգող, հայաբոյր եւ որակաւո՛ր մշակոյթ կերտող, իրա՛ւ ազգային նկարագիրի տէր նոր սերունդի մը:
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Ս. Ծնունդ
Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ
հոգեւոր հովիւն ու հոգաբարձութիւնը,
խոնարհելով մեր անմեղ նահատակներու խնկելի
յիշատակին դիմաց՝ կու գան շնորհաւորելու համայնքիս հաւատացեալները
Նոր Տարուան եւ Ծննդեան Ս. Տօներուն
առիթներով, ցանկալով բոլորին քաջառողջութիւն եւ ամենայն բարիք
Orange County
Կը Շնորհաւորենք Հայ Համայնքի
Նոր Տարին Եւ Ս. Ծնունդը
Եւ Հայ Ժողովուրդին Կը Մաղթենք Բարգաւաճ Եւ Խաղաղ Տարի
ARF Armen Karo
ARS Sevan Chapter
ARS Garni Chapter
ARF Serop Aghpure
Badanegan
Homenemtmen
Sardarabad Chapter
Hamazkayin
Siamanto Chapter
AYF Ashod Yergat
Ճորճ եւ Արաքսի Թիթիզեան
Կը մաղթենք, որ այս Նոր Տարին իր հետ բերէ խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն
The Great Carpet Company
Լաւագոյն Մաղթանքներով
Կը Շնորհաւորենք Բոլորին
Նոր Տարին Եւ Ս. Ծնունդը
4524 Brazil St #A
Los Angeles, CA 90039
818-247-2990
www.greatcarpetcompany.com
ՕՐԵՆՃ ՔԱՈՒՆԹԻ
Արի-Կիրակոս Մինասեան Ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնը, պաշտօնէութիւնը եւ Յարակից Մարմինները
Կը Շնորհաւորեն Համայն Հայութեան Նոր Տարին Եւ Ս. Ծնունդը,
Յոյս Յայտնելով, Որ Հայ Ժողովուրդի Յաղթարշաւը Շարունակուի Նաեւ 2020ին
Հետաքրքրական յօդուած, դիտաւորութիւն եւ առաջադրութիւն:
Հաւանաբար՝ միացեալ ազգային ուսումնական յայտագիրը պիտի օժտէ հայու զաւակները ազգային դաստիարակութեան:
Եւ արդեօ՞ք կրօնական դաստիարակութիւնը կը ստանանք միա՛յն դպրոցներէն ներս: Ինչ որ փոխանձուած է մեզի, մարդիկ ծնկաչոկ կ’աղօթեն Աստուծոյ առաջ, բայց, ո՛չ մարդոց: Շատ լաւ գիտենք, որ անուս միտքն է, որ ելք չի գտներ եւ ծունկի կու գայ:
Եօթանասուն երկար տարիներ ուսում ստանալով եւ աւանդելով , երբէք ծնկաչոք քալելու դաստիարակութիւն եւ ուսում չէ ջամփուած մեզի կամ աւանդած չենք մեր յաջորդներուն:
Չմոռնանք առաջին դպրոցը՝ ընտանիքը , որ հաւատք յոյս եւ սէր կը փոխանձէ իր զաւակներուն: : Նոյնը կ’ըսէ կրօնը: Մեր կղերականները միշտ եղած են կռուի դաշտի վրայ: Չմեղադրենք հաւատքը, գազանութեան դէմ:
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ: Օրաթերթին եւ աշխատակիցներուն կը մաղթենք կանաչ ճանապարհ: