Յ. ՊԱԼԵԱՆ
«Երդուած եմ երբեք չլռել, երբ մարդկային արարածներ, ո՛ւր ալ ըլլան անոնք, կը կրեն տառապանք եւ ստորնացում: Պարտաւոր ենք միշտ դիրքորոշուիլ: Չէզոքութիւնը միշտ կը նպաստէ ճնշողին, երբե՛ք՝ զոհին: Լռութիւնը կը քաջալերէ հալածողը, երբե՛ք՝ հալածուողը»:
ԷԼԻ ՎԵԶԷԼ
«Նոպէլեան» մրցանակի ստացման խօսք, Օսլօ, 10/12/1986
ՍՓԻՒՌՔ(ՆԵՐ)Ը ՅՈՒՇԱՊԱՏԿԵ՞Ր Է ԶՈՐ ՊԷՏՔ Է ՊԱՀԵԼ
Սփիւռք(ներ)ի հայկական կենսունակութիւնը հզօր յիշողութեան պահպանումն է, օտար ըլլալու գիտակցութիւնը: Յիշողութեան կորուստը ընդարմացում է, հալածուածին եւ անիրաւուածին վերջնական պարտութիւնը, հալածողին եւ անիրաւուողին տրուած բարենիշ եւ յաղթանակ, երէկ, այսօր եւ վաղը:
Միշտ պէտք է յամառիլ Սփիւռք(ներ)ը իր հայկական ազգային հարազատ նկարագիրով պահելու համար: Այս խօսքը ինքնագոհութեան անվաղորդայն ցանկութիւն կ՛ըլլայ, եթէ առանց ճապկումներու չխօսինք այդ պահելու հրամայականի բովանդակութեան, հեռանկարին եւ նպատակին մասին: Դուրսէն դիտողին համար այս ճիգը կրնայ համարուիլ անցեալը վերականգնելու ճիգ եւ թափահարում, ժամանակի սլաքները ետ տանելու երազանք, ֆրանսացին կ՛ըսէ irredentisme, բառին թարգմանութիւնը գտայ Գուիտոն Լուսինեանի բառարանին մէջ՝ յետադարձութիւն:
Դասական կոչուած Սփիւռքը ակամայ ստեղծուած էր, մարդիկ պարտադրաբար հեռացած էին իրենց գիւղէն, քաղաքէն, ուր կային արմատներ, պատմութիւն, կոթողներ, անմիջական շարունակութիւն եւ ներկայութիւն, որոնցմէ անջատուած էին: Հայրենալքումի հետեւանք նոր Սփիւռքը կամաւոր հեռացում է, խզման ընտրութիւն: Հայաստանէն տեղի ունեցած աղէտ-արտագաղթին իբրեւ հետեւանք արտասահման հաստատուած Հայաստանի քաղաքացի հայերը կամաւոր գաղթականներ են եւ դասական կոչուած Սփիւռքին հետ հոգեբարոյական ու քաղաքական ո՛չ մէկ նոյնութիւն ունին, ուրեմն, բաղդատութեան եզրեր փնտռելը հայրենալքումի արդարացման ճապկում է:
Հայրենահանուած հայութիւնը արդէն հարիւր տարուան հնութիւն ունեցող Սփիւռք է: Ինքնախաբէութիւն է ըսել, որ ան անխառն հայ ազգային նկարագիրով պահուած է: Չի կրնար պահուիլ: Հետզհետէ փոքրացող հաւաքականութիւնները այդպէս կը շարունակեն մտածել, նոյնիսկ երբ կը տեսնեն հեռացողները, զանոնք կոչեցէ՛ք ինչպէս որ կ՛ուզէք՝ ուծացողներ, այլասերողներ, օտարացողներ, միջավայրին անվերադարձ կերպով մերուողներ, բախտաւոր պարագային՝ ծագումով հայու ամպհովանիին տակ: Այնքա՜ն տարբերութիւններ կան, կամայ-ակամայ, առաւել կամ նուազ հեռացումով այն բոլոր ստորոգելիներէն, որոնք կը բնորոշեն իւրայատուկ ազգային նկարագիր ունեցող հաւաքականութիւնները: Այս դասական Սփիւռքի մարդիկ նոյն եւ տարբեր են, կը կարծեն նոյն ըլլալ, յաճախ զգացականութեամբ յիշելով հասարակաց ծագումը որպէս ընտանեկան դեղնած լուսանկար:
Իրատես պէտք է ըլլալ. բազմագոյն օտար երկինքներու տակ ապրող հայերը իրենց կամաւոր ընտրութեամբ կը հեռանան, կը հրաժարին իրենց արմատներէն, կամ բնական կերպով շրջապատը զիրենք կը տանի այդ ուղիով: Պարզ խօսքով, օտար աշխարհները այն ենթահողը չեն, ուր հայ ազգային կեանքը կրնայ շարունակուիլ: Այդ ճիգը կը նմանի զարդի համար մեր տուներուն մէջ պահուող տարաշխարհիկ (exotique) բոյսի: Կրօնական համայնքները եւ կամաւոր գաղթականները ենթակայ են օտարումի (alie՛nation), այդ օտարման ընթացքի արագութիւնը եւ յանգումը պարտադրաբար նոյնը պիտի չըլլան, մէկ շրջանէ միւսը տեսնուող տարբերութիւնները կը բացատրուին ժամանակով:
Հայկական Սփիւռքը, տարածուած հինգ ցամաքամասերու վրայ, աշխարհներ՝ որոնց անունները անգամ չէին լսած նախորդ սերունդները, ինչ ալ ըլլայ անոր ներազգային-ներհամայնքային մեզ յուզող-յուսադրող կազմակերպութիւնը, զոր կը բնորոշենք հայապահպանութեամբ, ցրուած զանգուած է, մաս կը կազմէ բնակած երկրի զանգուածներուն, նոյնիսկ երբ կը կարծէ, թէ պատնէշներ ստեղծած է: Ժամանակակից ընկերութիւնը, իր ճարտարագիտական հաղորդակցական միջոցներու զարգացումով, անկարելի կը դարձնէ անջատումը, տարբերութիւններու պահպանումը, մարդոց եւ հաւաքականութիւններու ինքնամեկուսացումը: Միշտ ստիպուած ենք մաս կազմելու տեղական կամ աւելի ընդարձակ ամբողջի մը, երկիր, ցամաքամաս, աշխարհ, քանի որ նոր հաղորդակցութիւնը սահման չունի:
Դեռ աւելի քան կէս դար առաջ, մասամբ լեզուական եւ կրօնական տարբերութեան պատճառով, ինքնամեկուսացման պատնէշ կար նոր շրջապատին հետ, որ վերադարձի յոյսն էր: Դասական եւ չմաշած Սփիւռքը բազմերանգ չէր, ազգի հարազատ բեկոր էր, որուն ապացոյցը եղաւ զանգուածային հայրենադարձութիւն-ներգաղթը: Այսօր նման ազգային-քաղաքական երեւոյթ երեւակայել կարելի չէ:
Մեր բաղձանքները իրականութիւն պէտք չէ համարենք, անոնք ըլլան տեսական թէ ամբոխավարական: Ատիկա ազգային բնոյթով քաղաքականութեան համար յոռեգոյն ռազմավարութիւնն է: Փոխանակ մեր պորտին նայելու, եթէ դիտենք շրջապատը, որ մոլորակն է, զանգուածներու ակնկալութիւնները ուզենք տեսնել եւ հասկնալ, պիտի հաստատենք շատ պարզ երեւոյթ մը, որուն այնքան դիպուկ սահմանումը ըրած է Հաննահ Արենտ: Ան կ՛ըսէ. «Զանգուածի ընկերութիւնը մշակոյթ չ՛ուզեր, այլ՝ զբօս»: Մենք ընդգրկուած ենք, կամայ-ակամայ, Հաննահ Արենտի սահմանումին մէջ: Մեր տուներուն մէջ գտնուող համակարգիչները, յոգնակի, միայն գրելու եւ թղթակցելու չեն ծառայեր, այլ սկսող, վերսկսող, չաւարտող անհամար եւ անհաշիւ խաղերու, որոնք տարբերութիւնները եւ հեռաւորութիւնները ջնջած են: Պայքարներ մղուեցան արձակուրդ-զբօսի օրերու համար, մարդիկ ամրան արձակուրդի կ՛երթան՝ մտածելով ձմրան արձակուրդին մասին: Հայը, Հայաստան եւ Սփիւռք(ներ), այս հոսանքէն դուրս չէ:
Խորագիրի առաջին հարցումին տրուած պատասխանէն կախում ունին երկրորդ եւ երրորդ հարցումներուն պատասխանները: Առաջին հարցումը ռազմավարական նշանակութիւն ունի ազգին համար եւ անոր պատասխանը ամբոխ յուզող հնչեղ ճառ պէտք չէ ըլլայ: Հոգեպարար խօսք է յիշել եւ յիշեցնել, որ Սփիւռքը հզօր է, որ ան հինգ կամ տասը միլիոն է: Պէտք է առարկայական մօտեցում ցուցաբերել այդ հինգ-տասը միլիոնին նկատմամբ, եւ գնահատման չափանիշը սոսկ ծագումը պէտք չէ ըլլայ: Գնահատում մը պէտք է հիմնուի արժեչափերու վրայ: Սփիւռք(ներ)ը գնահատելու համար՝ որպէս ազգի բաղկացուցիչ, որպէս ազգային ներուժ, որպէս իւրայատուկ ինքնութեամբ հաւաքականութիւններ, չափանիշներ պէտք են, որպէսզի գաղթականը, ծագումով հայը, ազգի անդամութիւն-պատկանելիութիւնը ճշդուին, թէ ի՞նչ են:
Պարզ խօսելով, Սփիւռք(ներ)ը ա՞զգ է: Զայն բաղկացնողները իրենց եւ իրենց յաջորդներուն կացութիւնը եթէ վերջնական կը համարեն, կրնա՞ն յաւակնիլ ազգ ըլլալ: Միշտ կրնան մնալ որպէս կրօնական կամ լայն առումով մշակութային համայնք:
«Մեծ հայրս հայ էր» ըսողէն մինչեւ արցախեան պատերազմի համար կամաւոր մեկնած հայ մարդուն, իր կալուածները ծախած-լքած եւ Հայաստան դարձած հայուն միջեւ կը տարուբերին հինգ-տասը միլիոն հայածնունդները:
Առաջին հարցումին պատասխանը պատմառազմավարական է, մարդու եւ տուեալ հաւաքականութեան, այս պարագային՝ հայերու, իր ինքնութեամբ, շարունակութիւն ըլլալու մարդկային եւ պատմական ԻՐԱՒՈՒՆՔն է: Սփիւռք(ներ)ը այդ իրաւունքին յանձնառութեամբ տէ՞ր է: Այդ ԻՐԱՒՈՒՆՔը վերականգնելու համար պէտք է պահել Սփիւռք-(ներ)ը, ո՛չ միայն մեր ազգին համար, այլ որպէս համամարդկային պարտականութիւն, որպէսզի չարը չյաղթանակէ նաեւ վաղը, ինչպէս երէկ կամ այսօր: Այս ըմբռնումէն մեկնելով, իսկական ղեկավարութիւնը, Քամչաթքայէն մինչեւ Ուշուայա, ազգային գաղափարախօսութիւն պէտք է ներշնչէ եւ առաջնորդէ, որ բառակոյտ չըլլայ:
Այդ գաղափարախօսութիւնը, առաջին հերթին, հայրենատիրական յանձնառութիւն է, անոր իրականացման պայմաններու ստեղծումը, շաբաթավերջի կամ տուրիզմի հայրենասիրական զեղումներէն տարբեր: Ան վերադարձի քաղաքականութեան անմիջականութիւն է, որ պէտք է իրականացուի մամուլով, դպրոցներով, միութենական եւ կուսակցական կեանքով եւ նախաձեռնութիւններով: Այդ կարենալ ընելու համար արժէքներ պէտք է պահուին եւ անոնցմով պէտք է ապրին Սփիւռքն(ներ)ը, այդ արժէքները տեւաբար կենդանի պահելն ու բոլորին սրսկելը ղեկավարութեան գործն է: Իսկ ի՞նչ են այդ արժէքները, եւ այսօր որքա՞նով անոնք Սփիւռք(ներ)ի կեանքին իսկական շնչառութիւնն են:
Աւելի պարզ խօսելով, հայկական Սփիւռք(ներ)ը հայ ազգին, անոր իրաւունքին եւ մշակոյթին որպէս տէր եւ ծառայ պահելը ինքնանպատակ ըլլալէ աւելին է, համամարդկային խնդիր է: Որպէս այդպիսին, հայածնունդները, ո՛ւր ալ գտնուին անոնք, իրենց ինքնութիւնը պէտք է պահեն, այդ ինքնութեան բոլոր ստորոգելիներով, դրամատիրական եւ նուաճողական բռնութիւններուն դէմ երթալով, որոնք միշտ միտած են եւ կը միտին միօրինականացման: Սփիւռք(ներ)ի համար եղած զիջումները մէկ բան կ՛ըսեն. կուշտ եղէ՛ք, ապրեցէ՛ք եւ սպառեցէ՛ք, բայց զիջեցէ՛ք ձեր տարբերութեան իրաւունքը, որ ազգերու հաւասարութիւն է, հայրենիքով, մշակոյթով եւ ինքնութեամբ:
Որպէս ազգի անանջատելի հատուած պէտք է պահել Սփիւռք-(ներ)ը, որպէսզի յարգուած ըլլայ ընդհանրապէս մարդկային որակը:
ՍՓԻՒՌՔ(ՆԵՐ) ԿՐՆԱ՞ՆՔ ՊԱՀԵԼ ԻԲՐԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՐԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ
Խորագիրի երկրորդ հարցման պատասխանը իմաստ կ՛ունենայ, եթէ արդէն եզրակացուցած կ՛ըլլանք, համոզուած, որ Սփիւռք-(ներ)ը պէտք է պահել, ան ինքզինք պէտք է պահէ որպէս ազգի հատուած: Այդ կարելի է, եթէ հիմնական առաջնորդող գաղափարով ղեկավարուին Հայաստանը եւ Սփիւռք(ներ)ը, հաւաքականութիւններուն ներշնչելով այն գիտակցութիւնը, որ որպէս ազգ տոկալու եւ տեւելու իրաւունքի տէրը հայը ի՛նք է, այդ իրաւունքը իրմով պիտի կենսագործուի, այդ ընելու համար յանձնառութիւն պէտք է:
Ինչպէ՞ս այդ յանձնառութիւնը պիտի ընդունին տարտղնուած հայածնունդներու բազմութիւնները, որոնք դար տեւած յաջորդական պատշաճեցումներով առաւել կամ նուազ չափերով հեռացած են ազգ-արմատէն: Այդ հեռացման պատճառները տնտեսական-քաղաքակրթական, պատմութենական-մշակութական են, զորս միասնաբար կրնանք խմբել քաղաքական բնորոշման տակ:
Սփիւռք(ներ)ի հետզհետէ աճած տոկոսին համար, այսօր մեծամասնութիւն, պատմութիւնը հեռաւոր տեղ մը պատահած հեռաւոր նախնիներու հեքիաթ է: Այդ պատճառ է, որ ան իր իրաւունքի կորուստին համար կրնայ ցաւիլ, բայց տիրութիւն չ՛ըներ, բախտաւոր պարագային՝ տուրիզմը այդ տիրութեան տրուած պարտք կը համարէ: Այդ մեծամասնութիւնը ինք ալ զբօսի քաղաքակրթութեան մէջ ընդգրկուած է, այդպէս է իր շրջապատը, իր առօրեայի բերումով ինք տարբեր չի կրնար ըլլալ: Ազգային իրաւ զարթօնքի մը համար սփիւռքեան զանգուածներուն մէջ պէտք է զարգացնել այն միտքը, որ հայը տարբեր հողի եւ տարբեր մշակոյթի ժառանգորդ է, ժառանգորդն է տարբեր պատմութեան մը եւ տարբեր արժէքներու, հետեւաբար, Սփիւռքն(ներ)ի իւրաքանչիւր անհատ եւ հաւաքականութիւն, ո՛ւր ալ գտնուին, ինքնադրժումի դէմ պէտք է ըլլան, այսինքն՝ դէմ օտարումի եւ օտարացման՝ ըմբռնելով, որ սփիւռք-կացութիւնը դատապարտուած է ժամանակաւոր ըլլալու: Այսինքն, հայը ժամանակաւոր ինքնութիւն է սփիւռքեան կացութեան մէջ: Այդ ժամանակաւորը երկարաձգելու կը ծառայեն կրօնական, մշակութային եւ քաղաքական կազմակերպութիւնները եւ անոնց նախաձեռնութիւնները:
Հոս հարկ է ըսել, եւ ճիշդ ըմբռնել, Սփիւռք(ներ)ը հայկական դիմագիծով պահելու համար, պէտք է գիտնանք ժամանակին հետ քայլ պահել, ըմբռնել մարդկութիւնը օղակող մշակոյթները եւ քաղաքակրթութիւնները, անոնց ընդմէջէն ընթացող մեր ուղին գտնել: Օրինակ, ինչպէս ասկէ առաջ գրած եւ ըսած եմ, հայերէնը սորվեցնելու եւ պահելու համար՝ որպէս իսկական կեանքի լեզու, սփիւռքեան կրթական կառոյցները լուրջ եւ գիտական հասկացողութեան երկլեզուանի մանկավարժութիւն պէտք է որդեգրեն, պէտք է պատրաստեն այդ մանկավարժութիւնը գործադրելու պատրաստ ուսուցչական կազմ, այս՝ ո՛չ միայն հայերէն սորվեցնողներու, այլ նաեւ գիտական նիւթերու եւ օտար լեզուներ ուսուցանողներու համար: Ղեկավարական սխալ է գործել այնպէս, ինչպէս կը գործէինք յիսուն տարի առաջ:
Սփիւռք(ներ)ը իր հայ ազգի հատուած ըլլալու իրաւունքը եւ պարտականութիւնը կատարելու համար պիտի կառչի իր ազգային դիմագիծի պահպանման, ամէն օր եւ ժամ անոր վերստեղծման իւրաքանչիւրին հետ, որ հողի բացակայութեան՝ լայն առումով մշակութական-քաղաքական գերակառոյցն է. լեզու, մշակոյթ, պատմութիւն, քաղաքական դատի ժառանգութեան տիրութիւն:
Գաղափարական-քաղաքական համապարփակ ըմբռնումը կարելի է կարդալ Էլի Վեզէլի պարզ իմաստութեան մէջ: Ան կ՛ըսէ. «Մարդ արարածը ազատ է ո՛չ միայն այն ատեն, երբ միւսը ազատ չէ, այլ այն ատեն, երբ միւսն ալ ազատ է»: Այսինքն՝ հայոց իրաւունքը մաս կը կազմէ ամբողջի մը, այդ իրաւունքն է նաեւ Սփիւռք(ներ)ին, հետեւաբար ան պարտաւոր է ինքզինք յարգելու համար մտնել ազատագրական պայքարի մէջ, ի հարկին՝ նոյն նպատակին ծառայող այլ պայքարողներու հետ:
Այս իմաստութիւնը չի սահմանափակուիր բեմէն ըսուած գեղեցիկ խօսքով կամ թերթի մէջ լոյս տեսած գիտական եւ իմաստուն յօդուածով: Այսօր կան այս համոզումները ունեցող փոքրամասնութիւններ, բջիջներ, ոմանք անհատական մակարդակի վրայ կը լուծեն հարցը հայրենադարձութեամբ, որ Սփիւռք(ներ)ի ազգային-քաղաքական խնդիրին լուծումը չէ, քանի անոր ազատագրական պայքարը սոսկ հայրենադարձութեամբ չի լուծուիր, այլ հայրենա-ամբողջացումով, որ էական խնդիրն է, ազգի զարգացման եւ շարունակման երաշխիքը:
Այս ազգի խնդիրն է, ան ըլլայ հայրենաբնակ թէ սփիւռքացած: Ոչ ոք մեր փոխարէն պիտի գործէ անոր իրականացման համար:
Սփիւռք(ներ)ի զարթօնքը, տոկալու եւ տեւելու հնարը, այս պատմա-ռազմավարական առանցքին շուրջ գիտակից համախմբումով կարելի է կենսագործել, կրկնենք՝ հասնելով իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ, ինչ որ հարազատ ղեկավարութեան պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ, չգոհանալով ինքնագոհութիւն պատճառող բջիջներու աղմուկով:
ԵՐՐՈՐԴ ՀԱՐՑՈՒՄԸ. ՏՈԿԱԼ ԵՒ ՏԵՒԵԼ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ԳԻԾԻՆ ՎՐԱՅ՝ ՄԻՆՉԵՒ Ե՞ՐԲ
Միամիտ պէտք չէ ըլլալ: Ինչ որ ըլլան մեր նախաձեռնութիւնները, մարդկային եւ նիւթական ներդրումները, Սփիւռք(ներ)ը որպէս հարազատ ազգային ինքնութիւն պիտի չյաւերժանայ, որքան որ ալ բազմանան մեր դպրոցները, գեղեցիկ ըլլան մեր եկեղեցիները, բազմամարդ ըլլան մեր տօնախմբութիւնները եւ ցոյցերը: Այս արդէն պարզ, իրապաշտ եւ ողջմիտ պատասխանն է խորագիրի երրորդ հարցումին. մինչեւ ե՞րբ:
Հետեւաբար, հայրենատիրական ազգային ռազմավարութեան տեսանկիւնէ, առաջնահերթութիւն պէտք է ըլլայ ՎԵՐԱԴԱՐՁի անմիջական մարտավարութիւնը, քանի որ հայրենատիրութեան առաջնահերթ արտայայտութիւնը հողատիրութիւնն է, հայերով բնակուած Հայաստան-Արցախի իւրաքանչիւր թիզ հողի վրայ զարգացող հայ կեանքը:
Հայ կեանքը եւ հայատեսակը հայրենի հողին վրայ պիտի շարունակուին: Բռնագրաւուած Հայաստանը պէտք է ազատագրել՝ զայն հայատեսակով բնակեցնելու համար, որպէսզի հայատեսակը տեւէ:
Դժբախտաբար, վերանկախացած Հայաստանի իշխանութիւնները այս հարցերուն առնչութեամբ ցարդ չցուցաբերեցին հեռանկարային վերաբերում: Այսինքն, Հայաստան եւ Սփիւռք-(ներ) Մեծ Երազի ռազմավարութիւն եւ քաղաքականութիւն չունին:
Այդ երազի պահպանման երաշխիքը, ինչպէս երէկ, նաեւ այսօր, մեր գրականութիւնն է, հարազատի մտաւորականութիւնը՝ Րաֆֆի, Թումանեան, Բակունց, Ռուբէն, Դաշտենց, Գալշոյեան, Վարուժան, Չարենց, եթէ անոնք չըլլան սոսկ անուններ, այլ ըլլան ազգային զգացողութիւնը եւ ռազմավարական միտքը առաջնորդողներ: Հետեւաբար, հայ գրականութիւնը պէտք է վերադարձնել մեր տուները, մեր ղեկավարութիւններուն աշխատանքի օրակարգ դարձնել եւ անուններ չյիշել միայն տօնական օրերու եւ յոբելեաններու առիթով:
Սփիւռք(ներ)ի կեանքը կարելի է երկարաձգել՝ ազգային համապարփակ գաղափարախօսութիւնը տանելով իւրաքանչիւրին, որպէսզի ան ըլլայ այսօրուան եւ վաղուան ռազմավարութիւնը եւ մարտավարութիւնը՝ յաղթահարելով քաղքենիական-էսթէպլիշմընթային յարդի բոցերը:
Առաջին աշխարհամարտի աւարտին հայ մարդիկ, հետիոտն, երկար ճամբաներ կ՛երթային մէկ որբ փրկելու համար:
Շատ կը սիրեմ կրկնել ԵՈՒՆԵՍՔՕի նախկին տնօրէն Ֆետերիքօ Մայորի խօսքը, որ՝ «Վաղը միշտ ուշ է»:
Վաղը միշտ ուշ է: Եւ պատմութիւնը բարենիշ չի տար ուշացողին:
Մտածել բանաստեղծ Գէորգ Էմինի հետ, որ, եթէ ապրէր այսօր, հարիւր տարեկան պիտի ըլլար.
Մենք կէս,
Կէս ենք մենք,
Չլինէինք կէս՝
Հայ կը լինէինք,
Եւ ոչ թուրքահայ,
Կամ ֆրանսահայ.
Կամ արաբահայ,
(Իսկ վաղն աստղահայ
Եւ կամ լուսնահայ…)
Եւ հարց տանք մեզի, թէ այսպէս ազգ կ՛ըլլա՞յ:
Գէորգ Էմինի ցաւագին պատկերի հունով մտածենք եւ գործենք, եթէ այդ դեռ կրնանք ընել առանց ազգի եւ իրաւունքի հետ կապ չունեցող էսթէպլիշմընթային զանազան ճապկումներու:
Կը շնորհաւորենք ձեր Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը, մաղթելով, որ իրականանան ձեր բոլոր անձնական, ընտանեկան եւ ազգային իղձերը
Ս. Երրորդութիւն Հայց.
Առաքելական Եկեղեցի
Ֆրեզնօ
Ամանորի Այս Օրերուն
Մեր Մաղթանքն է, Որ Հայրենիքի
Մեր Ժողովուրդը Ժպիտով Դիմաւորէ
Գալիք Օրերը
Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան
Ազգային Մանկամսուր
Ջերմօրէն կը գնահատենք »Ասպարէզ«ի 111րդ երթը, յատկապէս հայապահպանման առաքելութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հայկական հողերու պահանջատիրութեան ուղղութեամբ։
Չորք Մարզպանի Հայրենակցական Միութիւն
Նաթալի Սավուլեան
Վահան եւ Անուշ
Շամլեան Ազգային
Վարժարանի Աշակերտուհի
Կը Շնորհաւորէ Նոր Տարին Եւ Ս. Ծնունդը
Շամլեան Վարժարանի Տնօրէնութեան, Ուսուցչական Կազմին Եւ
Ընդհանուր Աշակերտութեան