ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը ամփոփ տեղեկատուութիւն փոխանցեց 2019ին, Արցախի եւ Ատրպէյճանի զօրքերու շփման գօտիին մէջ տիրող իրադրութեան վերաբերեալ՝ հաստատելով, որ 2019ին այնտեղ տիրող կացութիւնը պայմանականօրէն կարելի է նկատել յարաբերական կայուն։ Անդրադարձ կը կատարուի նաեւ Արցախի տագնապի լուծման գործընթացին եւ սահմանին վրայ կատարուող բարեփոխումներուն։
Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ ընդհանուր առմամբ, ըստ պաշտպանութեան բանակի տուեալներու ամփոփագիրին, 2019ին Արցախի եւ Ատրպէյճանի զօրքերու շփման գիծին մէջ թշնամիին կողմէ զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտած է շուրջ 9 հազար անգամ, որուն ընթացքին հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է առաւել քան 85 հազար կրակոց:
Ըստ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան՝ այս տարուան ընթացքին, թշնամիին կողմէ զինադադարի պահպանման դրութեան խախտման եւ արձակած կրակոցներուն թուաքանակը 2010էն ի վեր ամէնէն ցածն է:
Կը նշուի, որ ամէնօրեայ դրութեամբ իրականացուող մեծածաւալ ճարտարագիտական-ամրաշինական աշխատանքներուն եւ սահմանագիծին վրայ տեսադիտարկման համակարգերով կահաւորման շարունակական գործընթացներուն իբրեւ արդիւնք՝ ոչ միայն էապէս բարձրացած է մարտական հերթապահութեան մէջ ընդգրկուած անձնակազմին անվտանգութիւնը, այլ նաեւ գրեթէ ի սպառ վերացած է ատրպէյճանական զինուժին կողմէ հետախուզական-ներթափանցման փորձերու հաւանականութիւնը: «Բացառութեամբ Սեպտեմբերի 22ի դէպքի, երբ հակառակորդը ՊԲ հարաւարեւելեան (Կարախանբէյլի) ուղղութեամբ տեղակայուած դիրքերից մէկի պաշտպանական հատուածում ձեռնարկել է ներթափանցման փորձ եւ, չէզոք գօտում թողնելով մէկ դիակ, հետ շպրտուել իր ելման դիրքերը, տարուայ ընթացքում նմանատիպ քայլեր չեն ձեռնարկուել», կը յայտնեն նախարարութենէն։
«Անդրադառնալով արցախեան հիմնահարցին, պէտք է արձանագրենք, որ չնայած այս տարի լրացաւ կողմերի միջեւ կրակի դադարեցման համաձայնագրի ստորագրման 25ամեակը՝ խնդրի կարգաւորմամբ զբաղուող ԵԱՀԿ Մինսկի խմբին այդպէս էլ չյաջողուեց առաջընթաց արձանագրել, քանի որ պաշտօնական Բաքուն ոչ միայն շարունակում էր մերժել խնդրի կարգաւորման հիմնարար սկզբունքները, այլեւ արհամարհում էր համանախագահների կողմից առաջ քաշուած վստահութեան կառուցման միջոցները՝ ուղղուած հրադադարի ռեժիմի ամրապնդմանը: Բանակցութիւնները առաջ տանելու ուղղութեամբ տարուայ ընթացքում հակամարտող կողմերի միջեւ ամենաբարձր մակարդակով տեղի ունեցած հանդիպումներն ու ոչ պաշտօնական շփումները, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարարների թուով վեց հանդիպումներից եւ ոչ մէկը ի զօրու չեղան առաջընթաց գրանցել՝ կողմերի հակադիր դիրքորոշումների պատճառով:
«Ընդհանրացնելով վերոնշեալը՝ պէտք է արձանագրենք հետեւեալը. բանակցութիւնների սեղանին առաջընթացի բացակայութեանն ու Ադրբեջանի կողմից ղարաբաղեան հիմնախնդիրը ռազմական ճանապարհով լուծելու մասին ամենաբարձր մակարդակով հնչող յայտարարութիւններին պաշտպանութեան բանակը ամբողջ տարուայ ընթացքում գործով հակադրեց իր ուժն ու մարտունակութիւնը եւ շարունակեց պարտադրող դերակատարում ունենալ առաջնագծում՝ դրանով իսկ ապահովելով Արցախի Հանրապետութեան սահմանների անձեռնմխելիութիւնն ու բնակչութեան խաղաղ կենսագործունէութիւնը», կը նշուի հրապարակուած յայտարարութեան մէջ: