ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբան հայրերէն Լեւոն աբղ. Եղիայեան եւ Օշին աբղ. Չուալերթանեան ստացան Վարդապետական Մասնաւոր Իշխանութեան չորս աստիճանները:
Վարդապետական գաւազանի տուուչութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 29 Դեկտեմբերին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ անմահ պատարագին՝ հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, ձեռամբ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Տաճատ վրդ. Աշըգեանի։
Պատարագին ընթացքին, ընծայեալները՝ ձեռնադրիչ սրբազանին եւ խարտաւիլակ հայր սուրբին առաջնորդութեամբ ուղղուեցան ատեան, ուր կատարուեցաւ հաւատքի քննութիւն. ընծայեալները նզովեցին բոլոր աղանդաւոր հերձուածողները ու անոնց ուսուցումները եւ հաստատեցին իրենց հաւատարմութիւնը ուղղափառ դաւանանքին ու անոր ջատագով բոլոր հայրապետներու ուսուցումներուն: Ապա, ձեռնադրիչ սրբազանը անոնց շնորհեց Ս. Գրիգոր Տաթեւացիին կողմէ սահմանուած Վարդապետութեան մասնաւոր իշխանութեան չորս աստիճանները եւ յանձնեց վարդապետական գաւազանը:
Տուուչութեան աւարտին, սրբազան հայրը յաւուր պատշաճի քարոզեց՝ իբրեւ նիւթ ունենալով «Ինչպէ՞ս շահարկել դրամը» Քրիստոսի պատմած առակը: Յիշեալ առակին լոյսին տակ սրբազանը խօսքը ուղղելով նորընծայ վարդապետներուն՝ յիշեցուց, որ հոգեւորականին կեանքը կը սկսի աշխատանքի եւ ծառայութեան իտէալով Ս. խորանին առջեւ կնքուած ուխտադրութեամբ, որպէսզի Աստուծոյ օգնականութեամբ նաեւ հասնի մինչեւ գերագոյն զոհողութեան ու յաւիտենական կեանք:
Ս. պատարագէն ետք, երկու վարդապետները եւ խարտաւիլակ հայր սուրբը, ձեռնադրիչ սրբազանին առաջնորդութեամբ բարձրացան կաթողիկոսին մօտ։ Ընծայեալները ստացան անոր հայրապետական օրհնութիւնը եւ բարեմաղթութիւնները:
Նշենք, որ օր մը առաջ՝ Շաբաթ, 28 Դեկտեմբերի երեկոյեան, աբեղաները հայրապետին նախագահութեամբ եւ միաբան հայրերու ներկայութեամբ, Վեհարանի դահլիճին մէջ, պաշտպանեցին իրենց աւարտաճառերը: Հայր Լեւոնին աւարտաճառին նիւթն էր «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսներն ու Կիւլպէնկեանները», իսկ հայր Օշինինը՝ «Բերիոյ թեմի Քաղաքական ժողովի նախագահին նամակները Պետրոս Ա. եւ Խորէն Ա. կաթողիկոսներուն Եւ կաթողիկոսական տեղապահներուն»: