«Արեւելք» կայքին վրայ կը կարդանք հետեւեալ լուրը.
Մխիթարեան միաբանութեան անդամներէն Յարութիւն վրդ. Պզ-տիկեան, որ վերջին շրջանին նշանակուած է Փարիզի Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանի պատասխանատու, ուշագրաւ գրառումով մը անդրադարձած է անցեալ տարուան ընթացքին իր ապրած փորձառութեան։
Վարդապետը նաեւ եկած է այն համոզումին, որ Ֆրանսայի եւ յատկապէս Փարիզի հայութիւնը հեռացած է իր ակունքներէն, նկատել տալով նաեւ, որ հակառակ բոլոր տեսակի դժուարութիւններուն, Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանը, որ երկար տարիներ Մխիթարեանի հովանիին տակ սերունդներ պատրաստած է, անպայման պիտի վերանորոգուի եւ նաեւ պիտի վերաբացուի։
Յիշեցնենք որ Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանը անցեալ ամիսներուն քանիցս թիրախ դարձած էր յարձակումներու ու վանտալիզմի։
Ստորեւ Յարութիւն վարդապետին գրառումը.
«2019 տարուան ընթացքին առիթը ունեցանք յաճախ խորհրդակցելու իրարու հետ, ազգային եւ հոգեւոր նիւթեր շօշափելով, հոգեկան կապ մը ստեղծելով, արհամարհելով մեզ բաժնող հեռաւորութիւնները, անգիտանալով մեր կեցութեան վայրերը, ստեղծեցինք կամուրջներ։ Բաժնեցինք մեր ուրախ եւ տխուր պահերը ու առանց անդրադառնալու, ստեղծեցինք երկրագունդային նոր համայնք մը, ամրացուած կրօնքի ու հայրենիքի սիրոյն վրայ։
Բնական կու գայ, որ տարուան այս վերջին զանգին յիշեցնեմ գլխաւոր եղելութիւնները՝
– Ինծի համար՝ իբրեւ Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանի պատասխանատու, անցնող տարին եղաւ շատ տխուր տարի մը եւ հոգեկան խոր վէրքեր ձգեց հոգւոյս վրայ։
– 2018-2019 թուականի առաջին կէսգիշերին, ունեցանք աւազակային վանտալական յարձակում՝ անծանօթ խումբի մը կողմէ, որ ջարդ ու փշուր ըրաւ վարժարանին երկու կարեւոր շէնքերը, դասարաններ-մանկապարտէզ եւ ննջարան-ճաշարանային բաժինները, հարիւր հազարաւոր եուրոյի վնաս հասցնելով ու կեանքիս վտանգ սպառնալով։
Սակայն անդարմանելի ցաւս մէկ է եւ մինչեւ այսօր տակնուվրայ ըրած է զիս։ Դէպքին մասին իմացան բոլորը, արձագանգեցին հայաստանեան ու Սփիւռքի լրատուական միջոցները, բայց ո՛չ մէկ հետաքրքրութիւն փարիզահայ եւ ընդհանրապէս ֆրանսահայ գաղութին կողմէ։ Մինչեւ այսօր, մէկ տարի ետք այն գաղութին, որուն ղեկավարներուն մօտաւորապէս 80 տոկոսը շրջանաւարտ եղած է այս վարժարանէն։ Այս գաղութը ունի հայերէն ու ֆրանսերէն մամուլ-ռատիօհաղորդումներ, աւելի քան 100 միութիւններ, որոնք տարիներ շարունակ օգտուած են վարժարանի կառոյցներէն։ Այս համայնքը ունի առաջնորդարաններ, առաքելական, կաթողիկէ ու աւետարանական համայնքներ։
– Վարժարանը դարձաւ անգործածելի, ստիպուեցայ փակել դասընթացքները եւ աշակերտութիւնը բաժնել հայկական այլ կեդրոններու մէջ։
– Համայնքի միութիւններուն, Համահայկական հիմնադրամին, Բարեգործականին, եւ այլն. կատարուած դիմումները, որոնց նպատակն էր փոքր նպաստ մը ունենալ եւ ջարդուած դուռ-պատուհանները նորոգել, մերժուեցան։
– Վարժարանը ուշ կամ կանուխ պիտի նորոգուի. այսպէս որոշած է Մխիթարեան միաբանութիւնը, այս հաստատութիւնը 170 տարուան հարուստ պատմութիւն ունի, Ֆրանսայի ամենահին հայկական հաստատութիւնն է, տուած է պայծառ դէմքեր, բայց ի վերջոյ անկարելի է որ իմ վիրաւոր եւ խոցուած հոգիս սպիանայ։ Դժբախտաբար այս գաղութի հոգին պարպուած է»։
Շատ սիրելի վարդապետ,
Այս պայմաններուն մէջ շատ կասկածելի գրաւ մըն է, որ կը դնէք Ձեր շրջապատին վրայ:
Վերջին հաշուով՝ ի՞նչն է, որ պիտ փոխէ տուեալները եւ դուք պիտի յաջողիք:
Այս ընթացքով՝ դուք կը թիավարէք հոսանքն ի վեր, իսկ նման թիավարում մը սպառիչ եւ լլկիչ է եւ հետզհետէ կը հասցնէ ռւժասպառութեան եւ յուսալքութեան:
Մեր ազգը պէտք ունի Ձեզի:
Թելադրելի է, որ Ձեր դառնութիւնները աւելցնելու փոխարէն՝ քիչ մը համբերէք, ժամկէտեր չնախատեսէք, աւելի հանդարտ գործէք, գտնէք անհրաժեշտ նեցուկները եւ ապա միայն գործի անցնիք: Մեր ազգը միշտ ալ յաջողած է իր ծոցէն ազնիւ զաւակներու ծնունդ տալ, անոնք գոյութիւն ունին տեղ մը, փորձեցէք գտնել զանոնք:
Ողջ մանք: Դուք համբուրելի անուն մըն էք եւ ազգային խորհրդանիշ մը, որ անպայման պիտի յաջողի: