Բարձր հովանաւորութեամբ Արամ Ա կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ «Թռչնոց Բոյն»ի Տիկնանց միութեան, Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը Ս. Ծննդեան իր առաջին համերգը ներկայացուց Ժիպէյլի Մար Եաագուպ եկեղեցւոյ մէջ, Կիրակի, 29 Դեկտեմբեր 2019ի երեկոյեան։ Խմբավարութեամբ մայէսթրօ Գրիգոր Ալոզեանի եւ երգեհոնի նուագակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի, համերգը կ՛ընդգրկէր հարազատ աւանդական շարականներ, Ս. Ծննդեան ծիսական երգեր, աւետիսներ եւ Կոմիտասի Ս. Ծննդեան հաւաքածոներէն, նաեւ ասորերէն, լիբանանեան խօսակցական արաբերէնով եւ անգլերէն տօներգեր ու շարականներ:
Համերգին ընթացքին հանդէս եկան ազգային տուտուկը եւ դասական ջութակը՝ գուսանականներ Նաթալի Աբոքեանի ու Ռիթա Աստիկեանի կատարողութեամբ: Օրուան մենակատարներն էին սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան եւ Աւետիս Ագրապեան: Համերգին արաբերէն բացատրութիւնները ներկայացուցին ՀՅԴ ԼԵՄի «Արարատ» կորիզի անդամները:
Համերգին ընթացքին խօսք առին մարոնիներու Ժիպէյլի առաջնորդ Միշել Աուն եպիսկոպոսը, Ժիպէյլի քաղաքապետը եւ երկու թաղապետներ: Նաեւ խօսք առաւ «Թռչնոց Բոյն»ի ընդհանուր տնօրէն ու տեսուչ Մեղրիկ եպս. Բարիքեան, որ պարգեւատրեց Մարի Շամին՝ տարիներու իր ծառայութեան համար, եւ գնահատեց Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը եւ անոր խմբավարն ու անդամները: