ՊԸՐՊԵՆՔ.- Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը յայտարարութիւն մը հրապարակելով՝ շնորհաւորեց դոկտ. Արմոնտ Աղախանեանի եւ Սթիւըն Ֆրինթնըրի ընտրութիւնները։
Արդարեւ, Պըրպենքի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան 19 Դեկտեմբերի ժողովին ընթացքին, դոկտ. Աղախանեան միաձայնութեամբ ընտրուած էր կրթաշրջանի նախագահ, մինչ Ֆրինթնըր՝ փոխնախագահ։
Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Սարգիս Սիմոնեան վստահութիւն կը յայտնէ, որ Պըրպենքի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան հետ սերտ գործակցութիւնը պիտի շարունակուի, որպէսզի կարելի ըլլայ նպաստել շրջանի աշակերտութեան որակաւոր ուսում ապահովելու ջանքերուն։
Իր կարգին, դոկտ. Աղախանեան կ՛ողջունէ Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ կրթաշրջանի վարչութեան միջեւ հաստատուած եւ հետզհետէ աւելի սերտացող յարաբերութիւնները։