ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 2017ի Մայիսին Քալիֆորնիոյ նահանգի Կլենտէյլ քաղաքին մէջ ՀՅԴ «Ահարոնեան» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է Ղարաբաղեան շարժման 30ամեակի ոգեկոչման հանդիսաւոր արարողութիւն, որուն մասնակցած են աւելի քան քսան հայկական կազմակերպութիւններ:
Քարոզչական յանձնախումբին ամիսներ տեւած ծրագիրի կազմակերպումին ու իրականացման անխոնջ աշխատանքներուն արդիւնքը եղած է ժողովրդական աննախընթաց փառատօն մը, որուն ընթացքին մեծ ոգեւորութեամբ փառաբանուած են հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարն ու արցախեան ազատագրման դիւցազնական պատմութիւնը: Փառատօնի պաշտօնական հանդիսութիւնը օրհնանքի խօսքով բացած է միջոցառումը նախագահող Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան՝ խրախուսելով հայ ժողովուրդը տէր կանգնելու իր հողին ու ազգին:
Փառատօնին ողջ հասոյթը յատկացուած է Արցախի ժողովուրդին՝ ծրագիրի ծիրին մէջ տարբեր բոյսերու ջերմոցներ տրամադրելով անոնց։
ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահագն Դադայեանի համաձայն՝ ջերմոցները Արցախ հասած են 2019ին եւ տրամադրուած են տարբեր շրջաններու գիւղական համայնքներու մէջ ջերմոցային տնտեսութեամբ զբաղող բնակչութեան՝ նկատի ունենալով գիւղերու սահմանամերձ ըլլալու հանգամանքը:
Նուիրատուութիւն ստացածներուն մէկ մասը ունի ջերմոցային տնտեսութեամբ զբաղելու փորձառութիւն, իսկ միւս մասը դեռեւս նոր է։ Վահագն Դադայեան դիտել տուաւ, որ կան արդէն տնտեսութիւններ, որոնք այս տարուան աշնան ու ձմրան ջերմոցներու մէջ իրականացուցած են նախապատրաստական աշխատանքներ եւ յառաջիկայ ամիսներուն արտադրանք պիտի ունենան։ «Ջերմոցային մշակաբոյսերու աճեցումը կարելիութիւն կու տայ ամբողջ տարին թարմ բանջարեղէն մատակարարելու բնակչութեան, ջերմոցները օգտագործելով որպէս շահոյթի աղբիւր: Այս ծրագիրը կրնայ խթանել Արցախի մէջ ջերմոցային տնտեսութեան զարգացման ու տարածման», աւելցուց ան։
Շահառուներէն Տրդատ Մարտիրոսեան առաջին անգամն է, որ կը զբաղի ջերմոցային տնտեսութեամբ: Նորագիւղի տան հողամասին մէջ ան կառուցած է կանաչեղէնի ջերմոցներ՝ դասաւորելով զանոնք քառակուսի հողամասերուն մէջ: Ձմեռնային փոթորիկներէն պաշտպանելու համար ան ջերմոցները պատած է ծանր ծածկոցներով: Տրդատի համաձայն՝ կը փորձեն առաւելագոյնը ընել յառաջընթաց քայլեր ունենալու տուեալ բնագաւառին մէջ:
Ան աւելցուց, որ նպատակ ունի զարգացնելու բոյսերու արտադրութիւնը ջերմոցային տնտեսութեան ոլորտին մէջ: Ըստ անոր՝ հետագային վարունգ աճեցնելու ուղղութեամբ աշխատանք պիտի տանի։
Մարտունիի շրջանի Խնուշինակ գիւղի բնակիչ Տիգրան Աղաջանեան եւս ստացած է նուիրատուութիւն: Մասնագիտութեամբ գիւղատնտես ըլլալով՝ շահաւէտ կը նկատէ ջերմոցային տնտեսութեան արտադրութեան գործը:
Որպէս գիւղատնտես՝ Տիգրան կը տիրապետէ մշակուող բոյսերու աճեցման գործին եւ այդ ոլորտին մէջ ներկայիս կը կիրարկէ նորարարական մեթոտներ:
Ըստ անոր՝ հետագային նպատակ ունի աշխատելու եւ քայլեր ձեռնարկելու ջերմոցային արտադրանքի բազմազանութեան ընդարձակման ուղղութեամբ՝ բարձր եկամտաբերութեան հասնելու համար: